Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զինուորական Գերիներու Եւ Զոհերու Մարմիններու Փոխանակման Հարցը Ռուս Խաղաղապահ Առաքելութեան Ղեկավարութեան Վերահսկողութեան Տակ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

December 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին եւ զինադադարի դրութեան պահպանման:

«Անցեալ շաբթուան ընթացքին շարունակուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լուծման ուղղուած ջանքերը, զինադադարի դրութեան խախտում չէ արձանագրուած: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ 30 նոյեմբերին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի եւ անոր հայ գործընկերոջ միջեւ 28 նոյեմբերին: Այդ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը, բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ուղղուած հետագայ քայլերը, կրօնական եւ մշակութային կառոյցներու պահպանութեան ուղղուած քայլերը», նշած է Զախարովա:

Վերջինս յիշեցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին անդրադարձած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ՀԱՊԿ-ի առցանց նիստին մէջ եւ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի աւարտին:

«Ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն ամբողջ օրուան տեւողութեան վերահսկողութիւն կատարել զինադադարի դրութեան պահպանման համար: Անոնք պայմաններ ստեղծած են գաղթականներու վերադարձին համար, ապահոված են քաղաքային ինքնաշարժներու փոխադրութեան, տարբեր ապրանքներու տեղափոխման, վերանորոգում կատարող հաշուարկներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ականազերծման աշխատանքներ կատարած են: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ ռազմական գերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման հարցը, որ շատ զգայուն նիւթ է հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն համար, կը գտնուի ռուս խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարութեան վերահսկողութեան տակ: Մեր խաղաղապահները որոնումներ կը կատարեն ժամանակակից թեքնիք միջոցներու օգնութեամբ», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Դիւանագէտը աւելցուցած է, որ բնակչութեան մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու հարցին մէջ ռուսական կողմը սերտ կապի մէջ է հայկական եւ ազրպէյճանական համապատասխան կառոյցներու հետ:

«Արձագանգման կեդրոնը ընդլայնած է գաղթականներուն տրամադրուող օգնութեան ծաւալը: 14 նոյեմբերէն իրենց մնայուն բնակութեան վայրեր վերադարձած անձերու թիւը կը մօտենայ 30 հազարի: Ամէն օր 1000-2000 մարդ կը վերադառնայ: Սկսած է մարդասիրական ապրանքներու տեղափոխումը: Կ՛աշխատինք շահագրգիռ միջազգային կառոյցներուն հետ: Շրջանին մէջ կ՛աշխատի Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը, կը նախապատրաստուի ՄԱԿ-ի առաքելութեան ժամանում` տեղւոյն վրայ իրավիճակի գնահատման համար», ըսած է Զախարովա:

«Ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ քրիստոնէական եւ իսլամական սրբավայրերու պահպանման առնչուող բոլոր հարցերուն, անոնց կրնան պատասխանել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտները: Այս առումով կ՛աջակցինք կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի` տագնապի գօտի համապատասխան առաքելութիւն ուղարկելու մտադրութեան: Այդ մտադրութեան մասին ան հաստատած է 20 նոյեմբերին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ: Յոյսով ենք, որ առաքելութիւնը, որ պատրաստ է համագործակցելու հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ, յառաջիկային պիտի կարենայ շուտով ժամանել եւ տեղւոյն վրայ առարկայական գնահատական տալ իրավիճակին», ըսած է Զախարովան` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:

 

Նախորդը

«Ես, Լաւրովն Ու Պիկընը Մտադիր Ենք Շարունակել Աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Շուրջ» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Յաջորդը

«Ռուսիան Կ՛ակնկալէ, Որ ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւնները Աւելի Շատ Պիտի Օժանդակեն Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւններու Կեանքի Կոչման» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.