Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ, դեմոկրատական Ճօ Պայտըն «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի նկատմամբ բազմաբեւեռ քաղաքական մօտեցումի մասին:
«Մենք պէտք է մաս կազմենք մեծ խումբի, որպէսզի գործ ունենանք ո՛չ միայն Իրանի, այլ նաեւ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ այլոց հետ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը:
Միեւնոյն ժամանակ, Պայտըն ըսած է, որ մինչեւ պաշտօնը ստանձնելը չի կրնար ձեւակերպել Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը:
«Բայց ես կ՛ուզեմ վերականգնել սերտ, սերտ դաշնակցային յարաբերութիւններ թէ՛ Եւրոպայի մէջ, թէ՛ ալ Հնդկական ու Խաղաղական ովկիանոսներու շրջանին մէջ», աւելցուցած է ան:
Ան նաեւ խոստովանած է, որ իրեն կը սպասեն «բարդ բանակցութիւններ» Եւրոպական Միութեան հետ, եւ ինք պատրանքներ չունի այդ առնչութեամբ: