«Գերմանիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կայուն Լուծման Հասնելու Հարցին Մէջ Յարմար «Գործիք» Կը Նկատէ» Կ՛ըսէ Մաաս
Գերմանիան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը յարմար «գործիք» կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայուն լուծման հասնելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայկօ Մաաս: «Մեր տեսակէտին համաձայն, Մինսքի խմբակը, ինչպէս նախապէս, կը մնայ տեղւոյն բնակչութեան համար քաղաքական լուծման եւ կայուն խաղաղութեան ապահովման յարմար շրջանակ: Մինսքի խմբակը ունի լիազօրութիւն, վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման, ենթակառոյցներու...




















