Տոնպասի մէջ ղարաբաղեան բեմագրութեան իրագործումը անկարելի է: Իր «Թելեկրամ» ալիքին վրայ այս մասին գրեց Ռուսիոյ Ծերակոյտի անդամ Ալեքսէյ Փուշքով:
Քաղաքական գործիչին համաձայն, Քիեւէն տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, որ այնտեղ կը նախատեսեն ղարաբաղեան բեմագրութիւնը կիրարկել Տոնպասի նկատմամբ` մտածելով, որ եթէ Ազրպէյճան յաջողած է, ապա ինչո՞ւ Ուքրանիան պիտի չյաջողի:
«Այդպիսի բեմագրութիւնը պիտի չյաջողի քանի մը պատճառներով: Նախ` Տոնպասն ու Լուկանսքը հասարակաց սահման ունին Ռուսիոյ, եւ ոչ թէ Հայաստանի հետ, իսկ ատիկա որոշիչ գործօն է: Քիեւի մէջ գիտեն, թէ Ռուսիան ու Հայաստանը բոլորովին տարբեր բաներ են: Երկրորդ` Թուրքիան բացայայտօրէն օգնած է Ազրպէյճանին: Ուքրանիան չի կրնար այս իրավիճակին մէջ ակնկալել Միացեալ Նահանգներու կամ ՕԹԱՆ¬ի զինուորական աջակցութիւնը», ըսած է ծերակուտականը:
Անոր կարծիքով` Տոնպասի պարագային անուղղակի աջակցութիւնը բաւարար պիտի չըլլայ: Փուշքով նաեւ յիշեցուցած է, որ Ղարաբաղի շուրջ տագնապը վերջ գտած է այնտեղ ռուս խաղաղապահներու յայտնուելով: Տոնպասի մէջ այժմ խաղաղապահներ չկան:
«Սակայն եթէ Ուքրանիան որոշէ փորձել Տոնպասը վերադարձնել զինուորական ճամբով, ապա իրավիճակը կրնայ փոխուիլ, ինչ որ Քիեւին բոլորովին ձեռնտու չէ: Իսկ քիեւեան իշխանութեան միջանցքներուն մէջ, ինչպէս գիտենք, քիչ չեն չմտածուած որոշումներու կողմնակիցները», նշած է Փուշքով:
Ան չի բացառեր, որ ուքրանացի զինուորներուն մօտ կրնայ խնդիրը զինուորական ճամբով լուծելու գայթակղութիւն յառաջանալ: Փուշքով կը նշէ, որ ատիկա, ամէն պարագայի, մեծ սխալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Տոնպասը Ղարաբաղ չէ:



