Ազրպէյճան 2020 թուականի յունուարէն նոյեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին Թուրքիայէն ներածած է 256 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնք եւ սպառազինութիւն:
Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ վերջին 11 ամիսներուն ընթացքին Թուրքիայէն զէնքի դէպի Ազրպէյճան արտածումը աճած է 600 առ հարիւրով:
Ազրպէյճան Թուրքիայէն ներմուծած զինամթերքն ու սպառազինութիւնը օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին:
Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի, Ազրպէյճանի կողմէ օգտագործուող թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան արտադրանքը գրաւած է աշխարհի ուշադրութիւնը: Բազմաթիւ երկիրներ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն ետք Թուրքիոյ դիմած են` տեղական եւ ազգային ներուժով արտադրուած ապրանքները գնելու նպատակով: