Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Բարձրաստիճան Ներկայացուցիչի Մը. Իրանի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զինեալ Տագնապի Սպառնալիք Չկայ

Դեկտեմբեր 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայիս Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ զինեալ տագնապի սպառնալիք չկայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի եւ Վենեզուելայի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Էլիոթ Ապրամս:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իրականութեան մէջ կա՞յ Միացեալ Նահանգներու կամ Իսրայէլի կողմէ յառաջիկային Իրանը հարուածելու եւ ատոր իբրեւ հետեւանք զինուորական բախումի իրական սպառնալիք, Ապրամս ըսած է. «Եթէ ես ստիպուած ըլլայի մէկ բառով պատասխանել, ես պիտի ըսէի` «ոչ»: Շատ բաներ, ինչ որ կը կարդամ թերթերուն մէջ, զիս կը ստիպեն ժպտալ: Ես կը նկատեմ, որ ատիկա ըստ կարելւոյն շատ թերթ վաճառելու փորձ է»:

Անոր համաձայն, փորձագէտները, որոնք այժմ կը նախազգուշացնեն Իրանի հիւլէական բնագէտ Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութեան պատճառով պատերազմի հաւանականութեան մասին, նոյնը կ՛ըսէին 2020 թուականի յունուարին Միացեալ Նահանգներու կողմէ զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութենէն ետք:

«Ինչպիսի՞ն էր իրանեան արձագանգը Սիւլէյմանիի սպանութենէն ետք: Փաստացիօրէն, ոչ մէկ առանձնայատուկ բան», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը: Նոյն ատեն, ան կարծիք յայտնած է, որ Իրանի ղեկավարութեան բազմաթիւ յայտարարութիւններ, յատկապէս Ֆախրիզատէի եւ Սիւլէյմանիի սպանութիւններուն առնչուած վրէժխնդրութեան մասին, ուղղուած են ներքին լսարանին:

«Կասկած չկայ, որ կայծը միշտ կրնայ ըլլալ, այդ իսկ պատճառով մենք զինուորական ուժեր կը պահենք Ծոցին մէջ», խոստովանած է Ապրամս:

«Սակայն ես հակուած պիտի ըլլամ ուշադրութիւն չդարձնել գրուածներու մեծ մասին (վերջին օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ մագլցող լարուածութեան մասին): Ոչ ոք պատերազմ կ՛ուզէ: Իրանը պատերազմ չ՛ուզեր, որովհետեւ գիտէ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ դիմակայութեան մէջ պիտի պարտուի», ըսած է Ապրամս:

Անոր կարծիքով` «(իրանեան) վարչակարգը, երբ կը բախի ուժի, հակուած է նահանջելու»:

Նախորդը

«Շրջանի Բոլոր Ահաբեկիչները Կրթութիւն Կը Ստանան Սէուտական Արաբիոյ Հովանաւորած Դպրոցներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Յաջորդը

«Մենք Գիտենք, Թէ Ո՛վ Սպաննած Է Ֆախրիզատէն, Եւ Վրէժ Պիտի Լուծենք» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?