Միջազգային

Հայոց Ցեղասպանութեան  Ճանաչման Պատճառով.  Թուրքիան Տուն Կանչած Է  Պրազիլի Մէջ Իր Դեսպանը

Դատապարտելով Լիպիոյ Մէջ Թրքական Նաւու Մը Գրաւումը` Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «Ծանր Հետեւանքներ»-ով Եւ «Արդար Թիրախ» Նկատելով Կը Սպառնայ Թրքական Շահերը Թիրախաւորներուն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիպիոյ մէջ թրքական շահերու թիրախաւորումը «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենայ` շեշտելով, որ այդ քայլը կատարողը արդար թիրախ պիտի նկատուի: Նախարարութիւնը դատապարտեց Արեւելեան Լիպիոյ մէջ տեղակայուած լիպիական ուժերուն կողմէ Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող թրքական նաւու մը թիրախաւորումը` նշելով, որ նաւուն պէտք է արտօնուի դէպի Արեւմտեան Լիպիա իր նաւարկումը շարունակել` զգուշացնելով վրիժառութենէ: «Լիպիոյ մէջ թրքական շահերուն...

Լաւրով. «Արեւմուտքը Կը Փորձէ Վերականգնել Աշխարհի  Միաբեւեռ Բնորդը, Սակայն Չինաստանն  Ու Ռուսիան Ատոր Պիտի Չենթարկուին»

Լաւրով. «Արեւմուտքը Կը Փորձէ Վերականգնել Աշխարհի Միաբեւեռ Բնորդը, Սակայն Չինաստանն Ու Ռուսիան Ատոր Պիտի Չենթարկուին»

Արեւմուտքը կը փորձէ վերականգնել աշխարհի միաբեւեռ բնորդը, սակայն Չինաստանն ու Ռուսիան ատոր պիտի չենթարկուին: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Լաւրով այդպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Միջազգային հարցերով ռուսական խորհուրդի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ ընդհանուր ժողովի խորհրդաժողովի ընթացքին: «Կասկած չունիմ, որ Արեւմուտքը կը փորձէ վերականգնել աշխարհակարգի միաբեւեռ բնորդը: Այո՛, այնպիսի...

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ռուս  Լրագրողներուն Հաւանաբար  Լրտեսութեան Մեղադրանք Առաջադրուի

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Լրագրողները Մոսկուա Վերադարձած Են

\\\\ Ռուսական «ՆՏՎ» պատկերասփիւռի կայանի «Կեդրոնական պատկերասփիւռ» հաղորդման լրագրողները, որոնք անցեալ շաբաթ ձերբակալուած էին Թուրքիոյ մէջ, վերադարձած են Ռուսիա: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ պատկերասփիւռի կայանի մամլոյ ծառայութիւնը: «Մեր գործընկերները` «Կեդրոնական պատկերասփիւռ» հաղորդման աշխատակիցներ Ալեքսէյ Փեթրուշքոն եւ Իվան Մալիշքինը արդէն Մոսկուայի մէջ են: Եկած են գիշերային թռիչքով: Անոնց հետ ամէն ինչ լաւ է: Օգնութեան համար շնորհակալ ենք...

Միջերկրականի Մէջ Լուրջ Միջադէպ`  Թրքական Եւ Եգիպտական Յածանաւերու Միջեւ

Միջերկրականի Մէջ Լուրջ Միջադէպ` Թրքական Եւ Եգիպտական Յածանաւերու Միջեւ

Ըստ յունական լրատուամիջոցներու, Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ թրքական եւ եգիպտական յածանաւերու միջեւ արձանագրուած է լուրջ միջադէպ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ վերջինս կը մասնակցէր Յունաստանի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ միացեալ «Մետուզա» ռազմափորձին: Ըստ տեղեկութիւններու, թրքական յածանաւը փորձած է մուտք գործել ռազմափորձի տարածք` Եգիպտոսի ծովային տիրոյթին մէջ, եւ մերժած է կատարել...

«Ռուսիան Խաղաղապահներու Միջոցով Ամէն Ձեւով  Պիտի Նպաստէ Պատերազմական Գերիներու Փոխանակման  Կարեւորագոյն Խնդիրի Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Լուծման»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Խաղաղապահներու Միջոցով Ամէն Ձեւով Պիտի Նպաստէ Պատերազմական Գերիներու Փոխանակման Կարեւորագոյն Խնդիրի Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Լուծման» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ բանակցութիւնները անցած են գործընկերային մթնոլորտի մէջ` ամբողջովին համապատասխան այն մթնոլորտին, որ կը տիրէ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ: Լաւրով նշեց, որ նոյեմբերին Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին  քննարկուած է 9 նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան յաջորդած կացութիւնը, խօսուած է այն քայլերուն մասին, որոնք կը պահանջուին տագնապին...

Փութին Եւ Մերքել Մանրամասնօրէն Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Կացութիւնը

Փութին Եւ Մերքել Մանրամասնօրէն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Կացութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հետագայ համագործակցութեան փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնած են: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ… արտայայտուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հետագայ համագործակցութեան փոխադարձ պատրաստակամութիւն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: «Լեռնային Ղարաբաղի...

«Մենք Աչք Չունինք Հայաստանի Հողերուն Վրայ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Մենք Աչք Չունինք Հայաստանի Հողերուն Վրայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ Միջերկրածովեան համալսարանին մէջ երէկ տեղի ունեցած է Միջազգային համալսարաններու խորհուրդի կազմակերպած Արեւելեան Միջերկրականի աշխատանոցը, որուն մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը: Ան անդրադարձած է շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ չլուծուած խնդիրներուն: Չաւուշօղլուի կարծիքով` շրջանային բոլոր խնդիրներուն հիմնական պատճառը կիսել չգիտնալն է եւ կիսելու փոխարէն ամբողջը վերցնելու փորձը: «Նայեցէ՛ք Կովկասին: Կովկասի կայունութենէն եւ...

«Եւրոպական Միութիւնը Կը Պատրաստուի  Երկարաժամկէտ Պատժամիջոցներ  Հաստատելու Թուրքիոյ Դէմ»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը

«Եւրոպական Միութիւնը Կը Պատրաստուի Երկարաժամկէտ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Թուրքիոյ Դէմ» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահը

Եւրոպական Միութիւնը յառաջիկայ վեհաժողովի ընթացքին կը պատրաստուի ո՛չ միայն կարճաժամկէտ, այլ նաեւ միջին ժամկէտի եւ երկարաժամկէտ պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ դէմ: Թրքական «Ահւալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի փոխնախագահ Մարկարիթիս Շինաս: Անոր համաձայն, Անգարան կատարած է շատ սխալ քայլեր, որոնք անհետեւանք չեն կրնար մնալ: «Թուրքիան ամէն ինչ սխալ կատարած է: Ան կատարած է կարելի ամէն բան,...

Մարտի Կիսուն Լիպիոյ Հարցով Պերլինի Խորհրդաժողովին Մասնակից Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Ժողով

«Եւրոպական Միութեան Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Քննարկեն Միջերկրական Ծովուն Մէջ Թուրքիոյ Սադրանքներուն Հետեւանքները» Կ՛ըսէ Մաաս

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս Թուրքիոյ կողմէ մեծ քանակութեամբ սադրանքներ արձանագրած է Արեւելեան Միջերկրականի մէջ եւ յայտարարած այդ գործողութիւններու հետեւանքները Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հետ քննարկելու մտադրութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Գերմանիան վերջին ամիսներուն աշխուժօրէն զբաղած է Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ երկխօսութիւնը յառաջ տանելու ուղիներու որոնման աշխատանքով: Դժբախտաբար, Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ լարուածութեան...

«Թուրքիան Կը Սպառնայ Եւրոպայի,  Միջին Արեւելքի,  Արաբական Աշխարհի Եւ Կովկասեան  Շրջանի Կայունութեան»  Կ՛ըսէ Տենտիաս

«Թուրքիան Կը Սպառնայ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Արաբական Աշխարհի Եւ Կովկասեան Շրջանի Կայունութեան» Կ՛ըսէ Տենտիաս

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս յայտարարած է, որ Թուրքիան զինուորական գործողութիւններ կը կատարէ օտար հողերու վրայ, կը բռնագրաւէ դրացի երկիրներու հողերը, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ պատերազմներ հրահրել` ընդգծելով, որ այդ երկիրը կը սպառնայ Եւրոպայի, արաբական աշխարհի եւ Կովկասի կայունութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ Թուրքիան կը վիճարկէ եւրոպական երկիրներու...

Թուրքիան Վճարած Է Ռուսիոյ  «Էս-400»-ի Մատակարարման Գինը

Թուրքիան Վճարած Է Ռուսիոյ «Էս-400»-ի Մատակարարման Գինը

Թուրքիան Ռուսիոյ վճարած է «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարման համար ամբողջ գումարը, պարտքը փակուած է: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ այդ մասին հաղորդած է «Ռոսթեխ» պետական ընկերութեան ղեկավար Սերկէյ Չեմեզով: «Մենք ամբողջութեամբ կատարած ենք պարտաւորագիրը, ատիկա փակուած է, իսկ սա կը նշանակէ, որ մենք բեռնառաքած ենք եւ ստացած բոլոր միջոցները», Չեմեզով յայտարարած է լրագրողներուն` պատասխանելով «Ինթըրֆաքս»-ի հարցումին: Ան յայտարարած է, որ...

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ռուս  Լրագրողներուն Հաւանաբար  Լրտեսութեան Մեղադրանք Առաջադրուի

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ռուս Լրագրողներուն Հաւանաբար Լրտեսութեան Մեղադրանք Առաջադրուի

Ռուսական «ՆՏՎ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներուն, որոնք ձերբակալուած են Պոլսոյ մէջ, կրնայ լրտեսութեան մեղադրանք առաջադրուիլ: Տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական աղբիւր մը: Որոշ տուեալներով` հարցը արդէն ուղարկուած է դատարան: «Սակայն որքան ինծի յայտնի է, դատարանը տակաւին չէ ընդունած այդ դիմումը», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը: Յիշեցնենք, որ «ՆՏՎ»-ի մամլոյ ծառայութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ «Կեդրոնական պատկերասփիւռի կայան» ծրագիրի...

Թել Աւիւի Մէջ Մոսատի  Անդամ Մը Սպաննուած Է

Թել Աւիւի Մէջ Մոսատի Անդամ Մը Սպաննուած Է

Թել Աւիւի մէջ զինեալ յարձակումի պատճառով սպաննուած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի պաշտօնեայ Ֆահմի Հինաւին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: Իսրայէլեան հետախուզութեան սպայի ինքնաշարժին ուղղութեամբ արձակուած են 15 փամփուշտներ, երբ ան կանգ առած է կարմիր լոյսի առջեւ: «Սփութնիք» եւս այս մասին կը գրէ` ենթադրելով, որ յարձակումը կրնայ Թեհրանի «իրանեան հիւլէական ծրագիրի հայր» Մոհսեն Ֆախրիզատէի սպանութեան վրէժխնդրութիւնը ըլլալ:

Լաւրով Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Նախարարին Հետ Քննարկած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Լաւրով Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Քննարկած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լարով իր ազրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Կողմերը քննարկած են այս տարուան 9 նոյեմբերին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու յայտարարութեան կէտերու կատարման ընթացքը, ներառեալ կողմերու փոխադարձ գործակցութիւնը ռուս խաղաղապահներուն հետ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հայաստանին  Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մինսքի Խմբակի  Հովանաւորութեան Տակ Բանակցելու

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մինսքի Խմբակի Հովանաւորութեան Տակ Բանակցելու

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց` «բանակցութիւնները վերսկսելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան տակ` հասնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մնայուն խաղաղ լուծումի մը»: Կութիերես իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն կոչ ուղղեց «ընթանալու երկխօսութեան ճամբով` շրջանային խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում հաստատելու համար»: «ՄԱԿ-ը պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին տագնապէն ազդուած ժողովուրդներուն մարդասիրական...

Ազրպէյճան Դադիվանքի Մէջ Ծառայութեան  Նշանակած Է Ուտի Հոգեւորական Մը

Ազրպէյճան Դադիվանքի Մէջ Ծառայութեան Նշանակած Է Ուտի Հոգեւորական Մը

Ազրպէյճանին անցած Քարվաճառի շրջանին մէջ գտնուող Դադիվանքի մէջ ազգութեամբ ուտի հոգեւորական նշանակուած է: «Վեսթնիք Քաւքազա» կայքը կը հաղորդէ, որ վերջինս ալպան-ուտիական ուղղափառ քրիստոնեայ համայնքի փոխնախագահ, քարոզիչ Ռաֆիք Տանաքարին է: Ան այդ մասին յայտնած է լրագրողներուն: Ըստ անոր, Ազրպէյճանի մէջ շուրջ 400 ալպանական եկեղեցիներ կան: Նշենք, որ Քարվաճառի շրջանը ազրպէյճանական կողմին վերահսկողութեան անցաւ 25 նոյեմբերին, իսկ Դադիվանքը կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու...

Թրամփ Դարձեալ Կը Պնդէ.  «Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեցինք…  Եւ Արդիւնքներու Կեղծումը Պիտի Չընդունինք»

Թրամփ Դարձեալ Կը Պնդէ. «Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեցինք… Եւ Արդիւնքներու Կեղծումը Պիտի Չընդունինք»

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ պնդեց, որ նախագահական ընտրութիւնը «կեղծուած է»` ընդգծելով, որ չի կրնար իր պարտութիւնը ընդունիլ, երբ ընտրութիւններուն արդիւնքը խեղաթիւրուած է: Թրամփ երէկ նախագահական ընտրութենէն ետք առաջին ընտրական հաւաքի ընթացքին յայտնեց. «Հակառակ ընտրութեան մէջ մեր յաղթանակին, պիտի փորձեն մեզ համոզել, թէ պարտուած ենք»` աւելցնելով. «Դեմոկրատականները պիտի փորձեն Ծերակոյտի ընտրութիւնները եւս կեղծել»: Թրամփ Ճորճիա նահանգին մէջ իր...

Ռիատ. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները  Կարգաւորելու Պայմանը Պաղեստինի Պետութիւնն Է»

Ռիատ. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Պայմանը Պաղեստինի Պետութիւնն Է»

Սէուտական Արաբիան Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները ամբողջովին պիտի կարգաւորէ Պաղեստինի պետութեան հիմնադրման պայմանով: «Արապիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ  Պահրէյնի` Իսրայէլի հետ լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու որոշումէն ետք շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, թէ շուտով Սէուտական Արաբիան եւս պիտի հետեւի անոնց օրինակին: Սակայն, Սէուտական Արաբիոյ համար...

Ֆրանսայի Ընկերվարական Կուսակցութիւնը  6-էն 9 Դեկտեմբեր Պատուիրակութիւն  Պիտի Գործուղէ Լեռնային Ղարաբաղի Վիճայարոյց Շրջան

Ֆրանսայի Ընկերվարական Կուսակցութիւնը 6-էն 9 Դեկտեմբեր Պատուիրակութիւն Պիտի Գործուղէ Լեռնային Ղարաբաղի Վիճայարոյց Շրջան

Ընկերվարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, առաջին քարտուղար Օլիվիէ Ֆորէի գլխաւորութեամբ 6-էն 9 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Լեռնային Ղարաբաղ` «այս տագնապին պատճառած ցաւը կիսելու» եւ ատոր «լուծումները վերլուծելու» նպատակով: Այս մասին նշուած է Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան ուրբաթ օր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ: «Ի նշան հայ ժողովուրդին հետ մեր համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ ի լրումն Ազգային գրասենեակի 17 նոյեմբերի հռչակագիրին, Ընկերվարական կուսակցութիւնը 6-էն 9 դեկտեմբեր պատուիրակութիւն...

Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Խստացման  Օրինագիծը Հրապարակուած Է  Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Կայքին Վրայ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կ՛արգելակէ Ամերիկեան Զէնքի Վաճառքը Թուրքիոյ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը արգելակած է ամերիկեան զէնքի եւ սպառազինութեան մատակարարումը Թուրքիոյ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ռազմաքաղաքական հարցերու գործով օգնական Քլարք Քուփըր: «Կա՞յ Քոնկրեսին կողմէ Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի արգելափակում. այո՛», ըսած է Քուփըր:

Page 398 of 883 1 … 397 398 399 … 883

Արխիւներ