Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը արձանագրած է թրքական զինեալ ուժերու յաւելեալ շարասիւնի մը մուտքը Սուրիա «Քաֆր Լուսին» անցակէտէն, ուրկէ մեքենաները ուղղուած են Իտլիպ:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ թրքական զինուորական շարասիւնը բաղկացած է 15 փոխադրամիջոցներէ, որոնք զինուորական ու սպառազինական նշանակութեան սարքեր տեղափոխած են` շարժելով դէպի Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտի:
Իտլիպի մէջ զինադադար հաստատելու եւ ռուս¬թրքական միացեալ վերահսկողութիւն կատարելու մասին համաձայնութեան (17 սեպտեմբերի 2018) ձեռքբերումէն ետք Սուրիոյ տարածք մտած թրքական զինուորական փոխադրամիջոցներու թիւը հասած է 7560-ի: Բացի ատկէ, Սուրիոյ մէջ հազարաւոր թուրք զինուորներ տեղակայուած են: