Ռուսիան, ինչպէս միւս երկիրները, չէ փոխած իր դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ, այդ տարածքին պատկանելիութիւնը շատոնց որոշուած է Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Այս տարածքին պատկանելիութիւնը շատոնց որոշուած է Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերով: Այդ ամէնը նշուած է Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մէջ: Ռուսիան ոչինչ փոխած է: Իրականութեան մէջ ոչ մէկ երկիր փոխած է», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք փոխուա՞ծ է Ռուսիոյ վերաբերմունքը Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու յայտարարութենէն ետք:
«Նախագահ Փութին ըսած է, որ Ղարաբաղը ինքնին չէ ճանչցուած, անիկա չէ ճանչցուած նոյնիսկ Հայաստանի կողմէ: Նախագահ Փութին այս մասին խօսած է», յիշեցուցած է Քրեմլինի բանբերը:
Խօսելով ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն մասին` Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարեւոր են Մոսկուայի, Անգարայի եւ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան համար:
«Այս յարաբերութիւնները փոխշահաւէտ են եւ հիմնուած մէկզմէկու ներքին գործերուն չխառնուելու եւ իրարու շահերը յարգելու սկզբունքներուն վրայ: Նոյն ատեն, ի հարկէ, մեր յարաբերութիւններուն մէջ կան տարակարծութիւններ: Խրիմը լուրջ տարակարծութիւն է, այստեղ մենք տրամագծօրէն հակառակ տեսակէտ ունինք: Մենք պիտի շարունակենք տեղեկացնել մեր թուրք գործընկերներուն Խրիմի վերաբերեալ մեր հետեւողական դիրքորոշման մասին», նշած է Փեսքով:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան իր դիրքորոշումը կը շարունակէ Թուրքիոյ յայտնել շատ հետեւողական ու համբերատար կերպով: