Պատասխանելով Փաշինեանի Յօդուածին` «Ռուսիան Երբեք Չէ Առաջարկած Ազրպէյճանին Տալ 7 Շրջանները` Մոռնալով Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Մասին» Կ՛ըսէ Փոփով
Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը երբեք չէ տարած զուտ 7 շրջանները Ազրպէյճանին վերադարձնելու ուղղութեամբ` մոռնալով կարգավիճակի հարցը: Այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ հարցերով դեսպանորդ Իկոր Փոփովի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեանի «44-օրեայ պատերազմի ծագումը» յօդուածին: «Ռուսական առաջարկներուն մէջ կ՛ենթադրուի աստիճանաբար լուծման ծրագիրը,...




















