Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Փաշինեանի Յօդուածին` «Ռուսիան Երբեք Չէ Առաջարկած Ազրպէյճանին Տալ 7 Շրջանները` Մոռնալով Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Մասին» Կ՛ըսէ Փոփով

Յունուար 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը երբեք չէ տարած զուտ 7 շրջանները Ազրպէյճանին վերադարձնելու ուղղութեամբ` մոռնալով կարգավիճակի հարցը: Այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ հարցերով դեսպանորդ Իկոր Փոփովի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ի պատասխան Նիկոլ Փաշինեանի «44-օրեայ պատերազմի ծագումը» յօդուածին:

«Ռուսական առաջարկներուն մէջ կ՛ենթադրուի աստիճանաբար լուծման ծրագիրը, որուն վերջին խմբագրումով բնագիրը կողմերուն ներկայացուած է 2019 թուականի յունիսին: Այդ ծրագիրի հիմքին մէջ, որ շատ հարցերով կը համընկնէր քազանեան փաստաթուղթին հետ, ներառուած են հիմնարար սկզբունքներ, ներառեալ` առաջին փուլին 5 շրջաններու վերադարձը Ազրպէյճանին, երկրորդ փուլին` երկու, ընդգծեմ, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման հետ միատեղ», կը նշուի Փոփովի արձագանգին մէջ:

Ան նաեւ նշած է, որ առաջին փուլին մէջ Երեւանի շահերը ընդգծող այլ կէտերէն էին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան լիարժէք կենսագործունէութեան ապահովման իրաւունքի ճանաչումը, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի նիստերուն, շրջափակման վերացում, սահմաններու բացում, ուժ չկիրարկելու պարտաւորութեան ստանձնում կողմերուն միջեւ: «Այդ իսկ պատճառով պնդումը, թէ Ռուսիան կ՛առաջարկէր վերադարձնել 7 շրջանները «ճիշդ այնպէս», մոռնալ կարգավիճակի մասին եւ հանգստանալ, չի համապատասխաներ իրականութեան», աւելցուցած է ռուս համանախագահը:

«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի խնդիրի լուծման տարբերակներուն, վերջին տարիներուն բանակցութիւններու սեղանին վրայ դրուած առաջարկները կը նախատեսէին իբրեւ վերջնական նպատակ, կը մէջբերեմ` «Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւարար կարգավիճակի որոշումը ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի հովանիին տակ կողմերու միջեւ համաձայնեցուած ժամկէտներու մէջ համազգային քուէարկութեան իրականացման եղանակով, որ պիտի արտայայտէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ազատ կամքը եւ իրաւական պարտադիր բնոյթ պիտի կրէ` միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան:

«Ի դէպ, Լաչինի միջանցքի լայնութիւնն ու կարգավիճակը նոյնպէս կ՛առաջարկուէր քննել միայն երկրորդ փուլին մէջ», աւելցուցած է ռուս դիւանագէտը:

Փոփով ընդգծած է, որ ո՛չ հայկական, ո՛չ ալ ազրպէյճանական կողմերը մերժած են այդ առաջարկները, սակայն լիարժէք համաձայնութեան հասնիլ կարելի չէ եղած:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան 25-րդ Բարեփոխումը Պատիժի Եւ Յափշտակութեան Միջոց Չէ, Ասոր Կիրարկումը Սարսափելի Նախադէպ Պիտի Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Փենս

Յաջորդը

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Կը Ձգտին Պայմաններ Ստեղծել Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանցիներու Եւ Հայերու Համակեցութեան Համար` Առանց Խաղաղապահ Առաքելութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?