Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ. «Քայիտան Երեք Տասնամեակներէ Ի Վեր Յարաբերութիւններ Ունի Իրանի Հետ»

January 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց. «Քայիտա խմբաւորումը երեք տասնամեակներէ ի վեր յարաբերութիւններ ունի Իրանի հետ. խմբաւորումը իրանեան հանրապետութեան մէջ նոր կեդրոնատեղի ունի»:

«Քայիտայի անդամ Ապու Մոհամետ Մասրի անցեալ օգոստոսին սպաննուեցաւ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ», նշեց ան:

«Իրանի մէջ փոքրամասնութիւնները բռնաճնշումի կ՛ենթարկուին, սակայն «Քայիտայի մարդասպանները» Թեհրանի մէջ ապաստան գտան, եւ Ուսամա պըն Լատենը մտածեց Իրանի մէջ Քայիտայի ներկայութիւնը ամրապնդելու մասին», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Թեհրան Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ Քայիտա խմբաւորման ղեկավարներուն հաղորդակցութիւնը դիւրացուց»:

Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Իրան Քայիտային եւ 11 սեպտեմբերի (2001-ի ահաբեկչական յարձակումին համար օգտագործուած, «Ա.») օդանաւերը առեւանգողներուն արտօնեց իր հողերէն անցնիլ»:

«Ռոյթըրզ» նախապէս հաղորդած էր, որ Փոմփէօ մտադիր է օգտագործել վերջերս «գաղտնազերծուած հետախուզական» տեղեկութիւնը` Իրանը հրապարակաւ Քայիտայի հետ կապերու համար մեղադրելու նպատակով:

Ըստ լրատու գործակալութեան, ասիկա Փոմփէոյի «վերջին քայլ»¬ն է` Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութենէն առաջ:

Բացի ատկէ, Փոմփէօ երկուշաբթի օր ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսը տեղեակ պիտի պահէ Եմէնի հուսիներու Անսարուլլա շարժումը իբրեւ օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու մտադրութեան մասին:

Փոմփէօ նշած է, որ քայլը նկատելի ազդեցութիւն պիտի ունենայ Եմէնի մարդասիրական իրավիճակին վրայ` շեշտելով, որ ծրագիրներ կան մարդասիրական գործունէութեան եւ Եմէնին օգնութիւն մատակարարելու ուղղութեամբ:

«Ռոյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ մարտ 2015-էն ի վեր Սէուտական Արաբիան կը գլխաւորէ արաբական եւ իսլամական երկիրներու զինուորական դաշինքը` աջակցելով Եմէնի կառավարութեան` վերահսկողութիւն հաստատելու մայրաքաղաք Սանաայի եւ Եմէնի հիւսիսային եւ արեւմտեան տարածքներուն վրայ, որոնք 2014 թուականի վերջէն կը գտնուին իրանամէտ Անսարուլլա շարժումին վերահսկողութեան տակ:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Սկսաւ Թրամփը Պաշտօնազրկելու Քայլերուն, Իսկ Ներքին Գործոց Նախարարը Հրաժարեցաւ

Յաջորդը

«Փաշինեանի Հրաժարականի Պահանջը Համազգային Բնոյթ Կը Կրէ» Կ՛ըսէ Զաթուլին

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.