Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայէն Պայտընի Նկատմամբ Դժգոհութեան Առաջին Ազդանշանը

Յունուար 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պետական պատկերասփիւռի կայանը դժգոհութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի որոշումին նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Սիրիըն Օպզըրվըր» կայքը` նշելով, որ Անգարայի արձագանգը նկատելի դարձած է Պայտընի կողմէ Պրեթ Մաքկըրքը Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի համակարգողի պաշտօնին վրայ նշանակումէն ընդամէնը քանի մը վայրկեան ետք:

«Մաքկըրքը կարեւոր դերակատար եղած է Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ անոր դաշնակիցներուն միջեւ ազդեցութիւնը թուլացնելու հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան տարածման գծով, որուն նմանը ժամանակակից աշխարհը երբեւէ չէ տեսած, եւ այժմ կը թուի, որ ան վերադարձած է իր աշխատանքը աւարտին հասցնելու համար», նշուած է թրքական պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած վաւերագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Պրեթ Մաքկըրք կը վարէր Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնացի պաշտօնը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ եւ անմիջական մասնակցութիւն ունեցած էր քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր արաբ-քրտական դաշինքի ստեղծման մէջ: Այդ դաշինքին մէջ յառաջատար դերակատարութիւն ունին քրտական Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ջոկատները, զորս պաշտօնական Անգարան կը նկատէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

Դեկտեմբեր 2018-ին ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու մասին Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի անսպասելի որոշումէն ետք ան հրաժարած էր իր պաշտօնէն: Միեւնոյն ատեն «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը Մաքկըրքը կոչած է «գործիչ, որ 14 ամիս շարունակ քարոզչութիւն կատարած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ»:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ թրքական կողմի դժգոհութիւնը, իր լրումն Մաքկըրքի` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ձեւաւորման աշխուժ մասնակցութեան, կարելի է բացատրել նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ բազմիցս հնչած մեղադրանքներով, որոնց համաձայն, ան որոշ ժամանակ աչք փակած է հազարաւոր օտարերկրեայ զինեալներու` Սուրիա ներթափանցման վրայ` ՏԱՀԵՇ-ին եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն միանալու նպատակով:

Այս առնչութեամբ լրատուամիջոցը կը մէջբերէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 9 դեկտեմբերի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, թրքական կողմը նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի` իր պաշտօնին ստանձնումէն ետք անոր հետ պիտի քննարկէ գոյութիւն ունեցող թուրք-ամերիկեան լարուածութիւնը:

Փորձագէտներուն համաձայն, Պայտընի Սպիտակ տուն ժամանումը Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կը խոստանայ դժուար ժամանակաշրջան Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը աւելի կարծր դիրքորոշում պիտի դրսեւորէ Թուրքիոյ նկատմամբ:

 

 

Նախորդը

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կ՛ուզեն Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

Յաջորդը

«Պայտընի Խումբը Թուրքիոյ Հետ Աւելի Լաւ Յարաբերութիւններ Կ՛ուզէ» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?