Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իտալացի Յայտնի Քաղաքական Գործիչը Ազրպէյճանէն Կաշառք Ստանալուն Համար 4 Տարի Պիտի Բանտարկուի

Յունուար 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միլանոյի դատարանը յայտնի իտալացի քաղաքական գործիչ Լուքա Վոլոնթէն մեղաւոր ճանչցած է Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներէն մեծ կաշառքներ ստանալուն համար եւ զինք դատապարտած չորս տարուան բանտարկութեան` փտածութեան յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդեն իտալական լրատուամիջոցները:

Իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, Վոլոնթէն, ըլլալով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը, կէս միլիոն եւրօ ստացած է Ազրպէյճանի երկու ներկայացուցիչներէ. այդքան գնահատուած են այդ անդրկովկասեան պետութեան քաղաքական բանտարկեալներուն մասին զեկուցումը չհաստատելուն ուղղուած անոր ջանքերը:

Դատարանը նմանատիպ որոշումներ տուած է Էլհան Սուլէյմանովի եւ Մուսլիմ Մամետովի նկատմամբ, որոնք Պաքուի շահերուն ի նպաստ լոպիինկ կը կատարէին ԵԽԽՎ-ի մէջ եւ ատոր համար մեծ կաշառքներ կու տային իտալացի քաղաքական գործիչին:

Միլանոյի դատախազութիւնը Վոլոնթէին մեղադրանքներ առաջադրած էր յունիս 2016-ին: Այն ժամանակ զինք մեղադրած էին 2012-2014 թուականներուն գրեթէ 2,4 միլիոն եւրօ ստանալու համար: Հետաքննութեան վարկածով, իտալացի երեսփոխանը այն ժամանակ մեծ նուիրատուութիւն ստացած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն բխող քաղաքական գործունէութիւն իրականացնելուն համար: Ընդհանուր առմամբ անոր խոստացած են 10 միլիոն եւրօ:

2018 թուականի դեկտեմբերին Միլանոյի մէջ սկսած է Վոլոնթէի դէմ դատական հոլովոյթը` փտածութեան մեղադրանքով: Լսումներու իբրեւ արդիւնք դատարանը վերցուցած է ամբողջ գումարը ստանալու մեղադրանքը, սակայն ընդունած է կէս միլիոն եւրօ կաշառք ստանալու փաստը:

Վոլոնթէ չորս անգամ Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան անդամ ընտրուած է կեդրոնամէտ շարք մը կուսակցութիւններու կողմէ, վերջին անգամ ատիկա տեղի ունեցած է 2008 թուականին:

Յունուար 2010 թուականէն մինչեւ յունիս 2013 ան ԵԽԽՎ-ի մէջ ղեկավարած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութիւնը:

 

Նախորդը

25 Յունուարին Թուրքիոյ Եւ Յունաստանի Միջեւ Նախնական Բանակցութիւններու 61-րդ Փուլը Տեղի Պիտի Ունենայ Պոլսոյ Մէջ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Սկսաւ Թրամփը Պաշտօնազրկելու Քայլերուն, Իսկ Ներքին Գործոց Նախարարը Հրաժարեցաւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?