Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պայտընի Խումբը Թուրքիոյ Հետ Աւելի Լաւ Յարաբերութիւններ Կ՛ուզէ» Կ՛ըսէ Քալըն

January 12, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի փոխանցման խումբը Անգարայի հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ զարգացնել: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:

«Պայտըն, մինչ Օպամայի փոխնախագահի պաշտօնը կը վարէր, չորս անգամ Թուրքիա եկաւ եւ շրջանը կը ճանչնայ: Առայժմ փոխանցման խմբակին հետ մեր հաղորդակցութիւնները շատ դրական են», ըսած է ան:

«Անոնք կ՛ըսեն, թէ Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ զարգացնել եւ նոր էջ մը բանալ կ՛ուզեն», աւելցուցած է Քալըն:

Ան ընդգծած է, թէ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ գոյութիւն ունէին երեք գլխաւոր հարցեր` Օպամայի նախկին վարչակազմէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ-ՔԱԿ ահաբեկչական խմբակին, ինչպէս նաեւ Ֆեթհուլա Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան նկատմամբ անոր հանդուրժողականութիւնն ու Թուրքիոյ դէմ «Էֆ-35»-ի վաճառքի արգելքը:

Քալըն յայտնեց, որ եթէ այդ երեք հարցերուն նկատմամբ քայլեր առնուին, երկու երկիրները իրենց յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ կրնան բանալ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբերը հարցազրոյցի ընթացքին շեշտած է, որ Թուրքիան Յունաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ դրական զարգացումներու հասնիլ կը յուսայ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բարեկամական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավարին հետ, եւ Եւրոպական Միութեան երկու նախագահներ այս ամսուան վերջաւորութեան պիտի այցելեն Թուրքիա:

Ան աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին մօտ օրէն Պրիւքսել պիտի այցելէ:

«Այդտեղ բարենպաստ ենթահող գոյութիւն ունի դրական մթնոլորտ ստեղծելու համար: Կրնամ ըսել, որ այդ առնչութեամբ աշխատանքը շուտով լաւ արդիւնքներ պիտի տայ», շեշտած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:

Նախորդը

Անգարայէն Պայտընի Նկատմամբ Դժգոհութեան Առաջին Ազդանշանը

Յաջորդը

Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Հարուածած Է Թրքամէտ Զինեալներու Դիրքերն Ու Քարիւղատար Բեռնակառքերը

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.