Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարելով Իր Հրաժարականին Մասին` «Քաղաքականութեան Մէջ Դժուար Իրավիճակները Լուծելու Համար Պէտք Է Շատ Դժուար Ընտրութիւններ Կատարես» Կ՛ըսէ Էսթոնիոյ Վարչապետը

Յունուար 14, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էսթոնիոյ վարչապետ Եուրի Ռաթաս հրաժարական տուած է անշարժ գոյքի կառուցապատող գործարար Փորթօ Ֆրանքոյին պետական վարկի տրամադրման առնչուած փտածութեան գայթակղութեան լոյսին տակ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին, ինչպէս նաեւ իր դիմատետրեան պաշտօնական էջին վրայ:

«Քաղաքականութեան մէջ դժուար կացութիւնները լուծելու համար պէտք է շատ դժուար ընտրութիւններ կատարես: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, մեկնելով իմ արժէքներէս, ես որոշում տուի հրաժարելու Էսթոնիոյ Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն: Այս որոշումը որդեգրուած է իշխանութեան եւ Կեդրոնամէտ խմբակցութեան հետ խորհրդակցելէ ետք: Կարելի էին տարբեր լուծումներ, սակայն անոնցմէ միայն մէկը ճիշդ է», ըսած է Ռաթաս:

Ան աւելցուցած է նաեւ, որ այս յայտարարութիւնը իրականութեան մէջ կը նշանակէ ներկայ իշխող համախոհական կառավարութեան աւարտը, որ կը ներառէ նաեւ Պահպանողական-ժողովրդական կուսակցութիւնն ու Հայրենիք կուսակցութիւնը:

«Կեդրոնամէտ կուսակցութիւնը կը քննարկէ Էսթոնիոյ քաղաքականութեան մէջ գտնուելու կարելիութիւնը թէ՛ ընդդիմութեան, թէ՛ ալ համախոհական կառավարութեան մէջ», յստակացուցած է Ռաթաս:

Այնուամենայնիւ, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Միխայիլ Քորպ յայտարարած է, որ փտածութեան գայթակղութեան պատճառով պիտի լքէ իր պաշտօնը: Ան աւելցուցած է, որ ինքզինք մեղաւոր չի նկատեր:

 

 

Նախորդը

«Թրամփի Նախագահութեան Անպատիւ Վերջաբանը Իրանի Նկատմամբ Առաւելագոյն Ճնշման Քաղաքականութեան Հետեւանքն Է» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Յաջորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Համաձայն, «Քորոնա» Ժահրի Բրիտանական Տիպը 50 Երկիրներու Եւ Տարածքներու Մէջ Յայտնաբերուած Է

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?