Միջազգային

«Մեր Երկիրը Միջին Արեւելքի Մէջ Թուրքիոյ  Առեւտրական Հիմնական Գործընկերն Է»  Կ՛ըսէ Քըրքաշ

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կ՛ուզեն Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ յայտնեց, որ իր երկիրը «կ՛ուզէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել», ինչպէս նաեւ նշեց, որ Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ակնկալութիւն ունի: Ան խօսքը Թուրքիոյ ուղղելով յայտնեց, որ իրենք կ՛ուզեն «գերիշխանութիւնը յարգող բնական յարաբերութիւններ: Թուրքիոյ հետ տարակարծիք ըլլալու որեւէ պատճառ չունինք, որեւէ հարց չկայ, եւ այսօր կը տեսնենք, թէ թրքական վերջին ցուցանիշները, ինչպէս`...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հարուստ Երկիրները  Քննադատած Է «Քորոնա»-ի Դէմ Պատուաստանիւթի  Հարցին Մէջ «Ազգայնականութիւն» Դրսեւորելու Համար

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հարուստ Երկիրները Քննադատած Է «Քորոնա»-ի Դէմ Պատուաստանիւթի Հարցին Մէջ «Ազգայնականութիւն» Դրսեւորելու Համար

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կարծիքով` որոշ զարգացած երկիրներ կ՛անտեսեն բնակչութեան պատուաստումներու հարցին մէջ այլ երկիրներու կարիքները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Կութիերեսի համաձայն, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը բացայայտած է միջազգային համերաշխութեան բացակայութեան խնդիրը: «Վերջերս մենք տեսանք պատուաստանիւթերու հետ առնչուած ազգայնականութեան այս դրսեւորումը, երբ որոշ հարուստ երկիրներ իրենց բնակչութեան համար պատուաստանիւթեր գնելու կը մրցէին` առանց հաշուի առնելու աղքատ երկիրներու...

«Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Անհրաժեշտութիւն Են»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Ներկայ Թուրքիան Համեմատելի Չէ 2000-ական Թուականներու Սկիզբի Երկրին, Որ Կ՛առաջնորդուէր Եւրոպական Արժէքներով» Կ՛ըսէ Տենտիաս

Ներկայիս Թուրքիան համեմատելի չէ 2000-ական թուականներու սկիզբի երկրին, որ կ՛առաջնորդուէր եւրոպական արժէքներով, եւ ո՛չ ալ 2016 թուականի երկրին, որ հետախուզական հարցերու շուրջ բանակցութիւններ կը վարէր: Յունական «Էքաթիմերինի» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս: Տենտիաս նշած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ հետախուզական հարցերու շուրջ նախնական բանակցութիւններու օրակարգի միակողմանի փոփոխութիւնը կը նշանակէ...

Փութին Խորհրդակցած Է Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Լուծման Հարցերուն Շուրջ

Փութին Խորհրդակցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Հարցերուն Շուրջ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցերուն շուրջ խորհրդակցութիւն ունեցած է: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընդառաջ` Վլատիմիր Փութին ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Խորհրդակցութեան մասնակցած են Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար...

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Ղարաբաղեան  Տագնապի Լուծման Ուղղուած Հարցերը

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ուղղուած Հարցերը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործողութիւններու համակարգման ծիրին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ֆրանսացի իր գործընկերոջ` Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են 11 յունուարին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպման առնչուող որոշ հարցեր: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Հաշուի առնելով 9 նոյեմբեր  2020-ի միացեալ յայտարարութեան հետեւողական իրագործումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան կայունացումը` ընդգծուած է,...

Ջախջախուած Ինտոնեզիական Օդանաւի  Սեւ Սնտուկներուն Գտնուած Վայրը Ճշդուած Է

Ջախջախուած Ինտոնեզիական Օդանաւի Սեւ Սնտուկներուն Գտնուած Վայրը Ճշդուած Է

Ինտոնեզիոյ մէջ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան յանձնախումբին նախագահը երէկ յայտնեց, որ շաբաթ օր Ժաւայի ծովուն մէջ ջախջախուած օդանաւին սեւ սնտուկներուն գտնուած վայրը ճշդուած է: Ան օդանաւի բեկորներուն յայտնաբերումէն ժամեր ետք նշեց, որ սուզորդներ պիտի սկսին զանոնք փնտռել, եւ յոյս յայտնեց, որ անոնց վերատիրացումը երկար ժամանակ չխլէ: Ինտոնեզիական ծովուժի բանբերը յայտնած էր, որ աղէտեալ օդանաւը ջախջախուած է Ժաւայի ծովուն մէջ, եւ անկէ բեկորներ...

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հեռու Է  Նախայարձակութեան Եւ Բռնագրաւումի  Քաղաքականութեան Դադրեցումէն»  Կ՛ըսէ Ապտուլայեւա

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Քաղաքացիներու Փոխադարձ Այցելութիւնները Կարելի Պիտի Ըլլան Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատումէն Ետք» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններու եւ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան կիրարկման հարցերու քննարկման համար նախ անհրաժեշտ է երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել: Ազրպէյճանական «Թուրան» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւան` մեկնաբանելով ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքի տեղեկատուութեան քննարկումը, ըստ որուն, Ազրպէյճան ցանկին վրայ է այն երկիրներուն,...

«Համաճարակի Վատագոյն Ամիսները,  Կը Կարծեմ, Տակաւին Առջեւն Են»  Կ՛ըսէ Մերքել

«Համաճարակի Վատագոյն Ամիսները, Կը Կարծեմ, Տակաւին Առջեւն Են» Կ՛ըսէ Մերքել

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը պիտի շարունակուի առնուազն քանի մը ամիս, կը կարծէ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ» կայքը: «Ի հարկէ, համաճարակի վատագոյն ամիսները, ինչ որ, կը կարծեմ, կարելի է նախատեսել, տակաւին առջեւն են», յայտարարած է Մերքել` Պունտըսթակի մէջ Քրիստոնեայ-ընկերային միութեան խմբակցութեան նիստի ընթացքին: Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետը նշած է, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ արդէն գոյութիւն ունեցող պատուաստանիւթին շնորհիւ,...

Քոնկրեսի Շէնքը Թրամփի Համակիրներուն  Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Քոնկրեսի Շէնքը Թրամփի Համակիրներուն Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Մինչ Քոնկրեսը Վաւերացուց Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքը` Թրամփի Վարչակազմէն Իրերայաջորդ Հրաժարականներ Եւ Զինք Պաշտօնազրկելու Քոնկրեսական Քայլեր Միացեալ Նահանգերու Քոնկրեսի վերին պալատին` Ծերակոյտին մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Չաք Շումըր հինգշաբթի օր կոչ ուղղեց` անմիջապէս պաշտօնազրկելու Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ ատոր ամէնէն լաւ ձեւը նկատեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսի կողմէ սահմանադրութեան 25-րդ բարեփոխման կիրարկումը, «բան մը, որ անոր օրինական եւ...

«Ֆրանսայի Հետ Աշխատանք Կը Տանինք  Յարաբերութիւններու Բնականոնացման  Ճամբու Քարտէս Գոյացնել»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ֆրանսայի Հետ Աշխատանք Կը Տանինք Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Ճամբու Քարտէս Գոյացնել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկիրը Ֆրանսայի հետ աշխատանք կը տանի երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման համար ճամբու քարտէս գոյացնել` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է: Չաւուշօղլու Փորթուգալի արտաքին գործոց նախարար Սանթոս Սիլվայի հետ Լիզպոնի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ֆրանսական կողմը պատասխանատու նկատեց Անգարայի եւ Փարիզի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան համար` նշելով, որ Թուրքիան երբեք Ֆրանսայի...

Քաթար. «Ծոցի Մէջ Հաշտութեան  Համաձայնութենէն Ետք  Իրանի Եւ Թուրքիոյ Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Պիտի Չփոխուին»

Քաթար. «Ծոցի Մէջ Հաշտութեան Համաձայնութենէն Ետք Իրանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Պիտի Չփոխուին»

Քաթար շեշտեց, որ Ծոցի մէջ հաշտութեան համաձայնութեան կնքումէն ետք Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ իր յարաբերութիւններուն բնոյթը պիտի չփոխուի: Քաթարի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ Տոհան համաձայն գտնուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ անդրսահմանեան անվտանգութեան շուրջ համագործակցելու Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի հետ` յոյս յայտնելով, որ Ծոցի տագնապին առնչակից...

Թուրքիան «Նախիջեւանի Միջանցք»-ի  Բանակցութիւններո՞ին Պիտի Միանայ

Թուրքիան «Նախիջեւանի Միջանցք»-ի Բանակցութիւններո՞ին Պիտի Միանայ

Թուրքիան կը պատրաստուի միանալու «Նախիջեւանի միջանցք»-ի բանակցութիւններուն: Պոլսոյ մէջ «Ուորկոնզօ» ծրագիրի աղբիւրները յայտնած են. «Եթէ կը հաւատաք Պոլսոյ մէջ առնչակից աղբիւրներուն, (եւ անոնք, պէտք է ձեզի յիշեցնեմ, առաջինն էին, որոնք Սուրիայէն վարձկաններու Ղարաբաղի ճակատ տեղափոխումը պատերազմի սկիզբէն երկու շաբաթ առաջ հաղորդեցին), ապա ներկայիս կը պատրաստուինք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւններու մակարդակով խորհրդակցութիւններուն, միայն Մեղրիի եւ փոխադրամիջոցային միջանցքի կազմակերպման հարցերուն...

«Մեր Երկիրը Միջին Արեւելքի Մէջ Թուրքիոյ  Առեւտրական Հիմնական Գործընկերն Է»  Կ՛ըսէ Քըրքաշ

«Մեր Երկիրը Միջին Արեւելքի Մէջ Թուրքիոյ Առեւտրական Հիմնական Գործընկերն Է» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին յարաբերութիւններու հարցով պետական նախարար Անուար Քըրքաշ յայտարարեց, որ իր երկիրը Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ առեւտրական հիմնական գործընկեր մըն է եւ անոր նկատմամբ որեւէ թշնամանք չի տածեր: «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի վեհաժողովի ընթացքին Քաթարի հետ գոյացած համաձայնութիւնները լաւ սկիզբ են», շեշտեց ան` նշելով. «Դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամբողջական վերականգնումը ժամանակի պիտի կարօտի` նկատի ունենալով տակաւին գոյութիւն ունին որոշ տարակարծութիւններ, որոնց...

Քաթարի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ  Սահմաններու Բացում

Քաթարի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Սահմաններու Բացում

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահ երկուշաբթի գիշեր պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Արաբական ծոցի շրջանի վեհաժողովի սկիզբէն ժամեր առաջ յայտնեց. «Հիմնուելով երկրի իշխան Նաուաֆ Ահմետի առաջարկին վրայ, որոշուեցաւ այս երեկոյէն սկսեալ բանալ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ օդային տարածքն ու ցամաքային եւ ծովային սահմանները»: Ան յայտնեց, որ Քուէյթի իշխանը վստահ է, որ Ծոցի համագործակցութեան...

«Դիւանագիտական Աշխուժ Ջանք Կը Թափենք  Իրանի Մէջ Գրաւուած Քարիւղատար  Նաւու Ազատ Արձակման Համար»  Կ՛ըսէ Սէուլ

«Դիւանագիտական Աշխուժ Ջանք Կը Թափենք Իրանի Մէջ Գրաւուած Քարիւղատար Նաւու Ազատ Արձակման Համար» Կ՛ըսէ Սէուլ

Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Քանկ Քիոնկ Հուա յայտարարեց, որ իր երկիրը դիւանագիտական ջանքեր կը թափէ Իրանի մէջ գրաւուած հարաւային քորէական քարիւղատար նաւուն կարելի եղածին չափ շուտ ազատ արձակման համար: «Կառավարութիւնը կը ջանայ Սէուլի մէջ իրանեան դեսպանատան եւ Իրանի մէջ հարաւային քորէական դեսպանատան ճամբով ծանօթանալ քարիւղատարի գրաւման վերաբերեալ զարգացումներուն», ըսաւ ան: Ինչ կը վերաբերի այն մեկնաբանութիւններուն, թէ քարիւղատար նաւու գրաւման...

Վար Առնուած «Մի-24»-ի Գործով Ռուսիան Ազրպէյճանէն Իրաւաբանական Օգնութիւն Խնդրած Է

Վար Առնուած «Մի-24»-ի Գործով Ռուսիան Ազրպէյճանէն Իրաւաբանական Օգնութիւն Խնդրած Է

Ռուսիոյ զինուորական քննիչները իրենց ազրպէյճանցի գործընկերներէն օգնութիւն խնդրած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ռուսական զինուորական «Մի-24» տիպի ուղղաթիռի վար առնուելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի քննութեան հարցին մէջ: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է կացութեան ծանօթ աղբիւրը: «Այս գործի քննութեան ընթացքին անհրաժեշտ դարձած է իրականացնել շարք մը քննչական գործողութիւններ, մասնաւորաբար` պարզելու շարք մը կասկածելիներու ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ այս միջադէպի որոշ հանգամանքներ: Այս...

Մոսկուա Դիտաւորեալ Նկատած Է Ազրպէյճանի  Կողմէ «Մի-24» Ուղղաթիռի Վար Առնուիլը

Մոսկուա Դիտաւորեալ Նկատած Է Ազրպէյճանի Կողմէ «Մի-24» Ուղղաթիռի Վար Առնուիլը

Ռուսիոյ զինուորական հետաքննութիւնը խստացուցած է այն յօդուածը, ըստ որուն, հետաքննուած է Ազրպէյճանի հակաօդային պաշտպանութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ռուսական բանակի «Մի-24» ուղղաթիռի ջախջախման դէպքը: Եթէ նախապէս խօսքը Ռուսիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 351-րդ յօդուածին մասին էր` «Թռիչքներու կանոններու խախտում կամ անոնց նախապատրաստում, որոնք անզգուշութեամբ մահուան պատճառ դարձած են», ապա գործը վերադասակարգուած է «Երկու կամ աւելի անձերու դիտաւորեալ սպանութիւն» յօդուածով: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով...

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Ծոցին Մէջ  «Նաւարկումի Կանոնները Խախտելուն Համար»  Գրաւեց Հարաւային Քորէական Նաւ Մը

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը Ծոցին Մէջ «Նաւարկումի Կանոնները Խախտելուն Համար» Գրաւեց Հարաւային Քորէական Նաւ Մը

Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժին պատկանող նաւեր երէկ առաւօտեան Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ գրաւած են հարաւային քորէական դրօշը բարձրացուցած «Հանքոք Չայնա» նաւը` «նաւարկումի կանոնները խախտելուն եւ ջուրերը ապականելուն համար»: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նաւը փոխադրուած է իրանեան Հարմազքան նահանգի Պանտար Ապպաս նաւահանգիստ եւ անոր շուրջ դատական թղթածրար պատրաստուած է: Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարութիւն մը...

Փենթակոն. «Իրանի Սպառնալիքներուն Լոյսին Տակ,  «Նիմից» Օդանաւակիրը Պիտի Մնայ Ծոցին Մէջ»

Փենթակոն. «Իրանի Սպառնալիքներուն Լոյսին Տակ, «Նիմից» Օդանաւակիրը Պիտի Մնայ Ծոցին Մէջ»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Եու.Էս.Էս. Նիմից» օդանաւակիրը Ծոցին մէջ պիտի մնայ Իրանի կողմէ վերջին սպառնալիքներուն պատճառով»: Նախապէս հաղորդուած էր, որ նշեալ օդանաւակիրը պիտի վերադառնայ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող իր ռազմակայանը, ինչ որ ոմանք լարուածութեան մեղմացման քայլ նկատած էին: «Նիմից» օդանաւակիրը նոյեմբերի վերջաւորութենէն ի վեր Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ պարեկային ծառայութիւն կը կատարէ: Ամերիկեան լրատուամիջոցներ անցեալ շաբաթ յայտնած էին, որ...

Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան

«Ուաշինկթըն Պիտի Կրէ Շրջանին Մէջ Որեւէ Արկածախնդրութեան Պատասխանատուութիւնը» Կ՛ըսէ Թեհրան

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ չի ձգտիր «շրջանին մէջ լարուածութեան, եւ պիտի չտատամսինք ուժեղ կերպով մեր անվտանգութիւնը պաշտպանելու»: «Մեր պաշտպանողական ու հրթիռային կարողականութեան շուրջ պիտի չբանակցինք, եւ մենք զանոնք կը զարգացնենք ըստ մեր պաշտպանողական կարիքներուն», նշեց նախարարութիւնը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ մօտէն կը հետեւի շրջանին մէջ ամերիկեան շարժումներուն, «եւ կը զգուշացնենք որեւէ արկածախնդրութեան դիմելէ»: «Ուաշինկթըն կը...

Page 389 of 883 1 … 388 389 390 … 883

Արխիւներ