Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի. «Էֆ. Պի. Այ.»-ն Ու Նիւ Եորքի Ոստիկանութիւնը Քափիթոլ Հիլի Ոստիկանութեան Զգուշացուցած Էին Նախապատրաստուող Անկարգութիւններուն Մասին

Յունուար 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էֆ.Պի.Այ.»-ն ու Նիւ Եորքի ոստիկանական բաժանմունքի աշխատակիցները Քափիթոլ Հիլի ոստիկանութեան ղեկավարութեան նախազգուշացուցած էին գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփին աջակիցներուն կողմէ նախապատրաստուող հաւանական անկարգութիւններուն մասին: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով «Էֆ.Պի.Այ.»-ի մէջ իր աղբիւրը:

Աղբիւրին համաձայն, նախապէս «Էֆ.Պի.Այ.»-ի աշխատակիցները յաջողած են «հաւաստի տեղեկութիւններ ստանալ այն մարդոց մասին, որոնք կը ծրագրէին Ուաշինկթընի մէջ մասնակցիլ բողոքի ցոյցերուն եւ անկարգութիւններ հրահրել»:

««Էֆ.Պի.Այ.»-ը յաջողած է այդ մարդոց յորդորել, որպէսզի Ուաշինկթըն չերթան», ընդգծած է ան:

Աղբիւրին համաձայն, «Էֆ.Պի.Այ.»-ը նախապատրաստուող անկարգութիւններու մասին տեղեկութիւնները անմիջապէս տրամադրած է դաշնակցային գործընկերներուն եւ իշխանութիւններուն:

«Էֆ.Պի.Այ.»-էն բացի, նախապատրաստուող անկարգութիւններուն մասին տեղեկութիւններ ունեցած է նաեւ Նիւ Եորքի ոստիկանական բաժանմունքը: Պատկերասփիւռի ընկերութեան աղբիւրները ընդգծած են, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին ամերիկեան մեծագոյն քաղաքի ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը իրաւապահ մարմիններուն, ներառեալ Քափիթոլ Հիլի ոստիկանութիւնը, տեղեկացուցած է, որ բողոքի ցոյցերուն մասնակիցները ծայրայեղական հռետորաբանութիւն կ՛օգտագործեն եւ հանդէս կու գան բռնութեան սպառնալիքներով:

Նախապէս «Էֆ.Պի.Այ.»-ի եւ Քափիթոլ Հիլի ոստիկանութեան ներկայացուցիչները նշած էին, որ իրենք նախապատրաստուող անկարգութիւններուն մասին տեղեկութիւններ չեն ունեցած:

Յիշեցնենք, որ 6 յունուարին Թրամփի աջակիցները ներխուժած էին Քափիթոլ, ուր Քոնկրեսը հաւաքուած էր հաստատելու նախագահական ընտրութեան մէջ դեմոկրատական Ճօ Պայտընի յաղթանակը: Ցոյցերուն ժամանակ 4 մարդ մահացած է, տասնեակ ուրիշներ ալ` ձերբակալուած:

Քոնկրեսին կողմէ Պայտընի յաղթանակին հաստատումէն ետք, Թրամփ խոստացած է իշխանութեան հեզասահ փոխանցում կատարել:

Նախորդը

Խմբագրական. Ապաշրջափակում Ո՛չ Միայն Հայաստան-Ազրպէյճան Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Յունական Եւ Թրքական Առափնեայ Պահպանութեան Ծառայութիւններուն Պատկանող Նաւերու Միջեւ «Բախում»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?