Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իրանեան կառավարութեան նիստին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախագահութեան աւարտը համեմատած է Իրանի Ռեզա շահ Փահլաւիի վարչակարգի տապալման հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Իրան Փրես»-ը:
«Թրամփի պաշտօնավարումը, որ աւարտեցաւ խայտառակութեամբ ու անպատուութեամբ, ցոյց կու տայ, որ ծաղրը, ցեղասպանութիւնն ու անօրինականութիւնը երջանիկ աւարտ չեն կրնար ունենալ», յայտարարած է ան:
Ռուհանիի համաձայն, «Թրամփի վերջաբանը նման է Ռեզա շահ Փահլաւիի վարչակարգի տապալման»:
«Այս վարձկանի փախուստը դարձած է Իրանի մէջ բռնապետութեան եւ օտարերկրեայ գաղութացման խայտառակութեան աւարտի խորհրդանիշը, եւ այսօր մենք ականատես կ՛ըլլանք Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս մէկ բռնապետի անկման», աւելցուցած է ան:
Իրանի նախագահը նշած է, որ Թրամփի նախագահութեան նման վերջաբանը «Իրանի` մեծ ազգին նկատմամբ առաւելագոյն ճնշման քաղաքականութեան հետեւանքն է»:



