Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունական Եւ Թրքական Առափնեայ Պահպանութեան Ծառայութիւններուն Պատկանող Նաւերու Միջեւ «Բախում»

January 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յոյն ձկնորսներու, ինչպէս նաեւ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւններուն միջեւ տեղի ունեցած միջադէպը մեկնաբանած է Քալիմնոսի քաղաքապետ Տմիթրիս Տիաքոմիչալիսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիքսիթիթայմզ» կայքը: Միջադէպին բացի յունական քաղաքապետարանէն անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը:

Յոյն քաղաքապետը յայտնած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Աստուածայայտնութեան տօնի առաւօտեան, երբ յոյն ձկնորսները մօտեցած են Իմիայի ափերուն` ծովախեցգետինի որսի նպատակով:

Քաղաքապետին մեկնաբանութեան համաձայն, Թուրքիոյ առափնեայ ծառայութեան նաւերը ներխուժած են յունական ջրային տարածք, անկէ ետք յունական առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը հակազդած է: Ատոր հետեւանքով երկու կողմերուն միջեւ «բախում» սկսած է` յունական նաւու մը վնասուելուն պատճառ դառնալով:

Անդրադառնալով միջադէպին` Թուրքիոյ առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Յունական նաւերը, որոնք սահմաններ չունին եւ անօրինական ներգաղթեալները անընդհատ ետ կը մղեն Թուրքիոյ տարածքային ջուրեր` խախտելով միջազգային օրէնքը, այս անգամ վտարուեցան Թուրքիոյ տարածքային ջուրերէն»:

Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ասիկա նմանատիպ առաջին դէպքը չէ:

«Յունաստանի Առեւտրական նաւատորմիղի եւ կղզիներու քաղաքականութեան նախարարութիւնը եւ Յունաստանի առափնեայ պահպանութեան սպայակոյտը, իրաւասու մարմիններուն հետ համագործակցութեամբ, պիտի շարունակեն վերահսկել տուեալ տարածքը` երկրի գերիշխան իրաւունքները պաշտպանելու համար», նշուած է Յունաստանի Առեւտրական նաւատորմիղի եւ կղզիներու քաղաքականութեան նախարարութեան պատասխան յայտարարութեան բնագիրին մէջ:

Նախորդը

Ըստ «Էն. Պի. Սի.»-ի. «Էֆ. Պի. Այ.»-ն Ու Նիւ Եորքի Ոստիկանութիւնը Քափիթոլ Հիլի Ոստիկանութեան Զգուշացուցած Էին Նախապատրաստուող Անկարգութիւններուն Մասին

Յաջորդը

Ամերիկեան «Պի-52» Ռմբաձիգները Թռիչք Առած Են Դէպի Միջին Արեւելք` Իրանին Ամերիկեան Օդուժի Կարելիութիւնները Ցոյց Տալու Համար

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.