Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդին Հետ Քննարկած Է Արցախի Տագնապի Շուրջ Ալիեւի Եւ Փաշինեանի Հետ Իր Հանդիպման Արդիւնքները
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ կատարած է խորհրդակցութիւն, որուն նիւթերէն մէկը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին նուիրուած Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան վեհաժողովի արդիւնքն էր: ԹԱՍՍ լրատու գորակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ուրբաթ օր հաղորդած է Քրեմլինի պաշտօնական կայքը: «Վլատիմիր Փութին հանդիպման մասնակիցները տեղեակ պահեց 11 յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի...




















