Միջազգային

Փեսքով. «Փութին Եւ Էրտողան Ղարաբաղեան  Տագնապի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Թուրքիոյ   Հաւանական Մասնակցութեան Հարցը Չեն Քննարկած»

Մեկնաբանելով Մոսկուայի Եւ Երեւանի` Փութին-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Վերաբերեալ Հաղորդագրութիւններու Տարբերութիւնը «Քրեմլինի Հաղորդագրութիւնը Ամբողջական Էր» Կ՛ըսէ Փեսքով

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան վերաբերեալ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը ամբողջական էր, ատոր մէջ կը նշուի, որ Ռուսիոյ ղեկավարը կողմ է խնդիրի օրէնքի ծիրին մէջ լուծման: «Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Լրատուամիջոցները ուշադրութիւն հրաւիրած են Մոսկուայի եւ Երեւանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններու տարբերութեան վրայ: Լրագրողները...

«Եթէ Անհրաժեշտ Է Փոխել Հայաստանի Մէջ  Կառավարութիւնը, Ապա Թող  Հայ Ժողովուրդը Ատիկա Ընէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եթէ Անհրաժեշտ Է Փոխել Հայաստանի Մէջ Կառավարութիւնը, Ապա Թող Հայ Ժողովուրդը Ատիկա Ընէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Հայաստանի մէջ կառավարութիւն փոխելը պէտք է կատարուի ոչ թէ բանակին, այլ ժողովուրդին կողմէ, Թուրքիան դէմ է յեղաշրջումներու: Այս մասին յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Մենք դէմ ենք որեւէ յեղաշրջումի: Երբ բանակը կը խառնուի քաղաքականութեան, ատիկա անընդունելի է: Եթէ անհրաժեշտ է փոխել կառավարութիւնը, ապա թող հայ ժողովուրդը ատիկա ընէ, այդ գործը պէտք է անոնց ձգել: Հայ ժողովուրդը յոգնած է ղեկավարութենէն»,...

«Ֆրանսան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրէ`  Ղարաբաղեան Տագնապի Քաղաքական Լուծման Համար»  Կ՛ըսէ Լը Տըրիան

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Փաշինեանի Կողմնակիցներուն Եւ Ընդդիմութեան Կոչ Կ՛ուղղէ` Ժողովրդավարութիւնը Պաշտպանելու Համար Երկխօսութիւն Կատարելու

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան Փաշինեանի կողմնակիցներուն եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղած է` ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու համար երկխօսութիւն կատարելու: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Ֆրանսան հանդէս կու գայ երկրին մէջ երկխօսութեան հաստատման օգտին` հիմնուած նախագահի եւ վարչապետի օրինականութեան վրայ... Աւելի հանգիստ կացութիւն ապահովելու համար երկրին մէջ, որ դժուար ժամանակներ անցուցած է», ըսած է Լը Տրիան` Ուքրանիոյ արտաքին գործոց...

«Այն, Ինչ Որ Կը Տեսնենք Հայաստանի Մէջ,  Մեզ Չափազանց Կը Մտահոգէ»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Բանբերը

«Այն, Ինչ Որ Կը Տեսնենք Հայաստանի Մէջ, Մեզ Չափազանց Կը Մտահոգէ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Բանբերը

ՄԱԿ-ի մէջ մտահոգուած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ կողմերուն զսպուածութեան ու երկխօսութեան միջոցով քաղաքական տարակարծութիւններու լուծման կոչ կ՛ուղղեն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք: «Այն, ինչ որ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ, մեզ չափազանց կը մտահոգէ: Շատ կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը պահպանեն հանգստութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք...

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Նշանակալի Դաշնակիցն Է,  Ուստի Պիտի Փորձենք  Անոր Հետ Աշխատելու Ձեւ Գտնել»  Կ՛ըսէ Զօր. Մքենզի

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Նշանակալի Դաշնակիցն Է, Ուստի Պիտի Փորձենք Անոր Հետ Աշխատելու Ձեւ Գտնել» Կ՛ըսէ Զօր. Մքենզի

Միացեալ Նահանգներ պէտք է ճանչնան Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ օրինական մտավախութիւնները: Թրքական «Ահւալ»-ը կը յայտնէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու բանակի Կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Ֆ. Մքենզին: «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի նշանակալի դաշնակիցն է, ուստի մենք միշտ պիտի փորձենք անոնց հետ աշխատելու տարբերակ գտնել», ըսած է Մքենզի` «Պէյրութ Ինսթիթութ»-ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ: Միացեալ Նահանգները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Սուրիոյ...

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուն.  «Ընտրութիւնները Լաւ Կազմակերպուած Էին,  Հիմնարար Ազատութիւններու Յարգանքը Ապահովուած Էր»

«Կը Յորդորենք Յստակացնել «Պոյինկ 737»-ի Գտնուելու Վայրը» Կ՛ըսէ Երեւանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը

«Թերթ.ամ» գրաւոր հարցում ուղարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն` բացատրութիւն խնդրելով մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկութիւններուն մասին, թէ Հայաստանի մէջ արձանագրուած` ամերիկեան արտադրութիւն եղող «Պոյինկ 737» օդանաւ յայտնուած է Իրանի մէջ: Ի՞նչ է այս հարցով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան դիրքորոշումը, եւ ի՞նչ տեղեկութիւններ ունին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն պատասխանած են. «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տեղեակ է այն պնդումներէն, որ...

Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Նախարարը ՄԱԿ-ի  Խորհուրդին Մէջ Դատապարտած Է Արցախի Վրայ  Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումները

Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Նախարարը ՄԱԿ-ի Խորհուրդին Մէջ Դատապարտած Է Արցախի Վրայ Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումները

Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն մտահոգ է Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներով` ազրպէյճանական եւ թրքական ուժերու զինուորական յարձակումի պատճառով: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին նախարարը ըսած է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին ընթացքին: «Տագնապներու ընթացքին մարդու իրաւունքներու իրավիճակը անընդհատ կը վատթարանայ: Մենք ատոր ականատես եղանք թուրք-ազրպէյճանական յարձակումի ժամանակ, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի աւերման», ըսած է ան:

Ռուսիա Հայաստանի Մէջ Զարգացումները  Կը Նկատէ Հայաստանի Ներքին Գործը

Ռուսիա Հայաստանի Մէջ Զարգացումները Կը Նկատէ Հայաստանի Ներքին Գործը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Քննարկուած է Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը: Փութին կողմ արտայայտուած է Հայաստանի մէջ կարգի եւ հանգստութեան պահպանման` օրէնքի ծիրին մէջ տագնապի լուծման համար: Ռուսիոյ ղեկավարը...

Չաւուշօղլու. «Մենք Բուռն Կերպով  Կը Դատապարտենք Հայաստանի Մէջ  Յեղաշրջումի Փորձը»

Չաւուշօղլու. «Մենք Բուռն Կերպով Կը Դատապարտենք Հայաստանի Մէջ Յեղաշրջումի Փորձը»

Թուրքիան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը գնահատէ իբրեւ յեղաշրջումի փորձ եւ բուռն կերպով կը դատապարտէ զանոնք: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Աշխարհի ո՛ր կէտին մէջ ալ տեղի ունենայ յեղաշրջումը, մենք զայն կը դատապարտենք: Մենք նաեւ բուռն կերպով կը դատապարտենք Հայաստանի մէջ ատոր փորձը: Կարելի է քննադատել, պահանջել կառավարութեան հրաժարականը, ատիկա...

Ալիեւ. «Հայաստան Ազրպէյճանի Հետ  Իր Պատերազմէն Ետք  Մեծ Տագնապներ Կը Դիմագրաւէ»

Ալիեւ. «Հայաստան Ազրպէյճանի Հետ Իր Պատերազմէն Ետք Մեծ Տագնապներ Կը Դիմագրաւէ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց. «Հայաստան երբեք այսքան ողբալի վիճակի մէջ չէ եղած, որքան այսօր, եւ ատոր պատճառը անցնող քսան տարիներուն ընթացքին անոր իրերայաջորդ ղեկավարներն են»: Հայաստան «Ազրպէյճանի հետ իր պատերազմէն ետք մեծ տագնապներ կը դիմագրաւէ», նշեց ան: «Հայաստան ամէն օր ներքին տագնապներ ու ժողովրդավարական սկզբունքներու ոտնահարում կը դիմագրաւէ», նշեց Ալիեւ` շեշտելով. «Հայկական ընդդիմութիւնը ամէն օր մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուի, սակայն...

Պատասխանելով Սալման Թագաւորին`  «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը  Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ»  Կ՛ըսէ Թեհրան

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հայաստանին Մէջ Բոլոր Կողմերուն Զսպուածութեան Եւ Բռնութենէ Խուսափելու Կոչ Կ՛ուղղէ

Թեհրան Հայաստանի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու բռնութենէ եւ զսպուածութիւն դրսեւորելու: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ նման յայտարարութիւն կատարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: «Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ բոլոր կողմերուն զսպուածութեան եւ բռնութենէ խուսափելու կոչ ուղղած է», կ՛ըսուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: Խաթիպզատէ նաեւ յայտարարած է, որ Իրանի...

ՕԹԱՆ Կոչ Կ՛ուղղէ` Հայաստանի Մէջ  Տարակարծութիւնները Լուծելու  Սահմանադրութեան Ծիրին Մէջ

ՕԹԱՆ Կոչ Կ՛ուղղէ` Հայաստանի Մէջ Տարակարծութիւնները Լուծելու Սահմանադրութեան Ծիրին Մէջ

ՕԹԱՆ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի մէջ կացութեան զարգացման եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` խուսափելու մագլցումէն: Կառոյցի պաշտօնական ներկայացուցիչ Օանա Լունկեսքու «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ ընդգծած է, որ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին սահմանադրութեան ծիրին մէջ եւ խաղաղ ճամբով: «Մենք ուշադիր կը հետեւինք մեր գործընկեր երկրին` Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման: Կարեւոր է խուսափիլ այնպիսի արտայայտութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել հետագայ մագլցումի: Որեւէ...

Խօսելով Հայաստանի  Իրադարձութիւններուն Մասին`  «Կացութիւնը Պէտք Է Հանդարտի  Առանց Բռնութեան»  Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

Խօսելով Հայաստանի Իրադարձութիւններուն Մասին` «Կացութիւնը Պէտք Է Հանդարտի Առանց Բռնութեան» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը

l ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ մտահոգ է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններով: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ան այսպիսի գրառում կատարած է «Թուիթըր»¬ի իր էջին վրայ` անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: «Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ գործելու խաղաղ կերպով` յարգելով ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւններու շրջանակին մէջ ամրագրուած ժողովրդավարական հոլովոյթներն ու օրէնքի գերակայութիւնը: Իրավիճակը պէտք է հանդարտի...

«Ղարաբաղի Մէջ «Իսքանտեր»  Չէ Օգտագործուած»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը

«Ղարաբաղի Մէջ «Իսքանտեր» Չէ Օգտագործուած» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ «Իսքանտեր»-ի վերաբերեալ Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը կրնայ ապակողմնորոշման հետեւանք ըլլալ: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն: «Իսքանտեր»-ներու հրթիռներու հայաստանեան ամբողջ քանակը երկրի զինեալ ուժերու պահեստներուն մէջ է», կը յայտնեն Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ կը նշէ, որ «Իսքանտեր»-ները օգտագործուած են Սուրիոյ մէջ` ահաբեկիչներու դէմ պայքարին ընթացքին, ինչ որ ռուսական կողմը կ՛որակէ իբրեւ այդ զինատեսակի...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Քաղաքական Տարակարծութիւնները Լուծելու Խաղաղ Եղանակով

Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ «բոլոր դերակատարներուն» կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու հռետորաբանութենէն կամ մագլցումի տանող գործողութիւններէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելու խաղաղ եղանակով: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ: «Եւրոպական Միութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան: Բոլոր կողմերուն հանգստութեան...

«Ազրպէյճանի Հետ Դրականօրէն  Պիտի Արձագանգենք Հայաստանի  Դրական Քայլերուն»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ազրպէյճանի Հետ Դրականօրէն Պիտի Արձագանգենք Հայաստանի Դրական Քայլերուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր թուրքմեն պաշտօնակից Ռաշիտ Միրիտովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն: Լրագրողի հարցումին, թէ կարելի՞ է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով համագործակցութեան ծրագիր, Չաւուշօղլու պատասխանած է. «Այժմ կայ խաղաղութեան, շրջանային զարգացման, վերականգնման եւ կայունութեան կարելիութիւն: Մեր կոչը միշտ եղած է այս ուղղութեամբ: Եթէ...

Թուրքիան, Ազրպէյճանն Ու Թուրքմենիստանը  Տարբեր Մարզերու Մէջ Իրենց Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Միացեալ Յայտարարութիւն Ստորագրեցին

Թուրքիան, Ազրպէյճանն Ու Թուրքմենիստանը Տարբեր Մարզերու Մէջ Իրենց Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Միացեալ Յայտարարութիւն Ստորագրեցին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ անոր ազրպէյճանցի ու թուրքմեն պաշտօնակիցներ Ճէյհուն Պայրամով եւ Ռաշիտ Միրիտով Անգարայի մէջ իրենց միջեւ իր տեսակին մէջ 5-րդը եղող ժողովի աւարտին ստորագրեցին «իրենց երկիրներուն միջեւ համապարփակ խաղաղութեան, կայունութեան ու հասարակաց բարգաւաճման շրջանի ստեղծման պատկերացումի կարեւորութեան մասին» միացեալ յայտարարութիւն մը` կեդրոնանալով բազմակողմ կարելիութիւններու եւ գործակցութեան առիթներու ամրապնդման եռակողմ մեքանիզմ օգտագործելու կարեւորութեան վրայ: Յայտարարութիւնը կը...

Քոնկրեսական Սփիր Պայտընի Վարչակազմին  Կոչ Ուղղած Է Վերաներգրաւուելու  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքներուն Մէջ

Քոնկրեսական Սփիր Պայտընի Վարչակազմին Կոչ Ուղղած Է Վերաներգրաւուելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքներուն Մէջ

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ճեքի Սփիր ընդգծած է Պայտընի վարչակազմին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն վերաներգրաւուելու կարեւորութիւնը` ապահովելու համար «կայուն խաղաղութիւն, ինչ որ պիտի օգնէ Արցախի բնակչութեան իր համայնքները վերակառուցելու գործին մէջ, պիտի պաշտպանէ ինքնորոշման իրաւունքը եւ պիտի կանխարգիլէ հետագայ բռնութիւնը»: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: «Հպարտ եմ միանալու հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներուն եւ աւելի քան 100 գործընկերներուս, որոնք...

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Յայտարարէ.  «Մահապատիժի Սահմանումը Վերջակէտ Պիտի Դնէ  Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան  Շուրջ Բանակցութիւններուն»

Եւրոպական Միութիւնը Քննադատած Է Թուրքիան` Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Անդամներուն Նկատմամբ Ճնշման Համար

Եւրոպական Միութեան արտաքին կապերու եւրոպական ծառայութեան մամլոյ բանբերները հրապարակած են` յայտարարութիւն մը` քննադատելով քաղաքական դրդապատճառներով գործադրուող դատական հոլովոյթներու միջոցով քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ անոր քանի մը անդամներուն դէմ շարունակուող ճնշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահւալ»-ը: Յայտարարութեան մէջ քննադատուած է նաեւ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամները երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու փորձը: «Այս զարգացումները կը նպաստեն, որ Թուրքիան չկատարէ Սելահաթթին Տեմիրթաշը...

«Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմը  Տակաւին Իրանի Հետ Հաղորդակցութիւն Չէ Ունեցած»  Կ՛ըսէ Փրայս

Ուաշինկթըն. «2015 Թուականի Հիւլէական Համաձայնութիւնը Թեհրանի Հետ Բանակցելու Ճիշդ Հիմն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս երեքշաբթի օր յայտնեց, որ 2015-ին ստորագրուած հիւլէական համաձայնագիրը «բանակցութեան ճիշդ հիմն է»` աւելցնելով, որ Ճօ Պայտընի վարչակազմը «չի զօրակցիր նախկին վարչակազմի վարմունքին, երբ Իրան յանձնառու էր համաձայնութեան կէտերուն»: Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ եւրոպական երկիրներուն հետ միացեալ երկխօսութիւնը «հիմնական հարթակն է, որուն շուրջ պէտք է ընթանան քննարկումները»` նշելով, որ ամերիկեան...

Page 373 of 883 1 … 372 373 374 … 883

Արխիւներ