Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ «բոլոր դերակատարներուն» կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու հռետորաբանութենէն կամ մագլցումի տանող գործողութիւններէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելու խաղաղ եղանակով: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան: Բոլոր կողմերուն հանգստութեան կոչ կ՛ուղղենք, անհրաժեշտ է զերծ մնալ հռետորաբանութենէն եւ մագլցումի տանող գործողութիւններէն: Քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ եղանակով` խորհրդարանական ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն համապատասխան: Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն, զինեալ ուժերը պէտք է չէզոքութիւն պահպանեն քաղաքական հարցերուն մէջ եւ պէտք է մնան քաղաքային իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը վստահութիւն յայտնած է, որ «ժողովրդավարական սահմանադրական կարգի պահպանումը միակ ճամբան է Հայաստանի համար` յաղթահարելու մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է»: