Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Նշանակալի Դաշնակիցն Է, Ուստի Պիտի Փորձենք Անոր Հետ Աշխատելու Ձեւ Գտնել» Կ՛ըսէ Զօր. Մքենզի

February 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ պէտք է ճանչնան Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ օրինական մտավախութիւնները: Թրքական «Ահւալ»-ը կը յայտնէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու բանակի Կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Ֆ. Մքենզին:

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի նշանակալի դաշնակիցն է, ուստի մենք միշտ պիտի փորձենք անոնց հետ աշխատելու տարբերակ գտնել», ըսած է Մքենզի` «Պէյրութ Ինսթիթութ»-ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ:

Միացեալ Նահանգները կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն ստեղծման մէջ, որոնց մէջ կը գերակշռեն քիւրտերու գլխաւորած Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները, եւ որոնք կը պայքարին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: Սակայն Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները Թուրքիոյ կողմէ կը նկատուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) սուրիական մասնաճիւղ:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն շուրջ տարակարծութիւնները թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու երկարատեւ լարուածութեան պատճառ դարձած են, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփը ստիպած է ամերիկեան ուժերը հեռացնել հիւսիսային Սուրիայէն` ճամբայ բանալով խմբաւորման դէմ թրքական զինուորական գործոութիւններուն:

Այս քայլը Միացեալ Նահանգներու նախագահական քարոզարշաւի ժամանակ քննադատուած էր Ճօ Պայտընի կողմէ, ինչ որ ստեղծած էր կարծիք, որ ան աւելի յստակ դիրքորոշում պիտի ցուցաբերէ` յօգուտ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն: Սակայն Պայտընի նախագահ դառնալէն ի վեր, զօր. Մքենզիի խօսքով, Ուաշինկթըն Անգարայի հետ աւելի հաշտ ոճով կը խօսի:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը պատասխանատու է Միջին Արեւելքի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերու պաշտպանութեան համար:

 

Նախորդը

«Կը Յորդորենք Յստակացնել «Պոյինկ 737»-ի Գտնուելու Վայրը» Կ՛ըսէ Երեւանի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Զգուշացնէ

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.