Թեհրան Հայաստանի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու բռնութենէ եւ զսպուածութիւն դրսեւորելու: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ նման յայտարարութիւն կատարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ:
«Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ բոլոր կողմերուն զսպուածութեան եւ բռնութենէ խուսափելու կոչ ուղղած է», կ՛ըսուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Խաթիպզատէ նաեւ յայտարարած է, որ Իրանի մէջ ուշադիր կը հետեւին հայաստանեան դէպքերուն զարգացման: