Միջազգային

Խօսելով Չինաստանի Մէջ Մարդու  Իրաւունքներու Խախտումներու Մասին`  «Չինաստանի Համար Հետեւանքներ  Պիտի Ըլլան, Եւ Սի Ծինփինը Ատիկա Գիտէ»  Կ՛ըսէ Պայտըն

Խօսելով Չինաստանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումներու Մասին` «Չինաստանի Համար Հետեւանքներ Պիտի Ըլլան, Եւ Սի Ծինփինը Ատիկա Գիտէ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Չինաստանը պէտք է հետեւանքներ սպասէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու առնչուած կացութեան լոյսին տակ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը այս մասին յայտարարած է Միլուոքիի մէջ հասարակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Հանդիպումը վարողը Սպիտակ տան ղեկավարին հարցուցած է, թէ ան Չինաստանի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արդեօք քննարկա՞ծ է Սինցզիան-Ույղուրական...

Քանատական Խորհրդարանը Ույղուրներուն  Չինաստանի Մէջ Հաւաքական Բնաջնջումի  Ենթարկուիլը Ընդունեց

Քանատական Խորհրդարանը Ույղուրներուն Չինաստանի Մէջ Հաւաքական Բնաջնջումի Ենթարկուիլը Ընդունեց

Քանատացի օրէնսդիրները որդեգրեցին ոչ պարտադիր բանաձեւ մը, որուն մէջ ընդունեցին, թէ չինական Շինկիանկ շրջանին մէջ ույղուր փոքրամասնութեան դէմ գործուողը համազօր է հաւաքական բնաջնջումի, եւ քանատական կառավարութեան կոչ ուղղեցին` հետեւելու իրենց օրինակին: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած բանաձեւը 338 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ստացաւ 266 թեր քուէ: Ոչ ոք դէմ քուէարկեց, սակայն անոնք, որոնք բանաձեւին...

Խոստովանելով, Որ Ազրպէյճանական Բանակը  Թիրախաւորած Է Արցախի Քաղաքները.  Ալիեւ Բացայայտօրէն Ստած Է` Խեղաթիւրելով  Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Յայտարարութիւնը

Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Երկարաժամկէտ Խաղաղութեան Հաստատումը Կախեալ Է Ստեղծուած Իրողութեան Ճիշդ Գնահատումէն»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը կախեալ պիտի ըլլայ Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք ստեղծուած կացութեան ճիշդ գնահատումէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ազրպէյճանը վերականգնած է միջազգային իրաւունքը, գործնականին մէջ շրջանին եւ աշխարհի մէջ նոր իրողութիւններ ստեղծած են: Կը կարծեմ, որ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման կարելիութիւններուն օգտագործումը մեծ մասամբ կախեալ...

«Թուրքիան Կը Փորձէ Վրաստանը Համոզել  Միանալու «3+3» Հարթակին»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Կը Փորձէ Վրաստանը Համոզել Միանալու «3+3» Հարթակին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիան կը փորձէ Վրաստանը համոզել միանալու «3+3» հարթակին: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Անգարայի մէջ թուրքմեն իր պաշտօնակից Ռաշիտ Մերետովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Յոյսով ենք, որ Վրաստան պիտի մասնակցի «3+3» հարթակին: Ատկէ բոլորը պիտի շահին», ըսած է Չաւուշօղլու: Թուրք նախարարը նաեւ յիշեցուցած է, որ Վրաստանի մէջ տեղի...

Թուրքիան Յայտարարած Է Եգէական Եւ Միջերկրական Ծովերուն Մէջ «Կապոյտ Հայրենիք 2021»  Ռազմափորձերուն Մասին

Թուրքիան Յայտարարած Է Եգէական Եւ Միջերկրական Ծովերուն Մէջ «Կապոյտ Հայրենիք 2021» Ռազմափորձերուն Մասին

Թուրքիան յայտարարած է, որ իր ծովուժը ռազմափորձեր պիտի կատարէ Եգէական եւ Միջերկրական ծովերուն մէջ: «Ահւալ» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Կը նշուի, որ «Մաւի Վաթան 2021» կամ «Կապոյտ հայրենիք 2021» անունը ստացած ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Թուրքիոյ ծովուժին պատկանող մեծ թիւով զօրքեր եւ սպառազինութիւն, ներառեալ` 82 մարտանաւ, ծովային ստորաբաժանումներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ առափնեայ...

Զարիֆ. «Իրան Դէմ Է Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական  Զօրքերու Տեղակայման Եւ Այդ Երկիրներուն Նկատմամբ  Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը Կը Նկատէ Սխալ»

Զարիֆ. «Իրան Դէմ Է Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Թրքական Զօրքերու Տեղակայման Եւ Այդ Երկիրներուն Նկատմամբ Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը Կը Նկատէ Սխալ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ իր երկիրը դէմ է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղակայման` նշելով, որ երկու երկիրներուն հետ կապերու հարցին մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան մօտեցումը սխալ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահւալ»¬ը: Թուրքիան զօրքեր ուղարկած է Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային տարածքներ` քիւրտ զինեալներուն դէմ պայքարելու եւ սուրիական ընդդիմութիւնը ուժեղացնելու նպատակով: Թուրքիան կը...

«Միացեալ Նահանգներ Փեքինի Հետ  Յարաբերութիւններու  Կառուցման Պիտի Մօտենան Ուժի Տեսանկիւնէն»  Կ՛ըսէ Փսաքի

«Միացեալ Նահանգներ Փեքինի Հետ Յարաբերութիւններու Կառուցման Պիտի Մօտենան Ուժի Տեսանկիւնէն» Կ՛ըսէ Փսաքի

Միացեալ Նահանգները Չինաստանը մրցակից կը նկատեն եւ կը պատրաստուին Փեքինի հետ յարաբերութիւններու կառուցման մօտենալ ուժի տեսանկիւնէն: «Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է` մեկնաբանելով  Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Իի յայտարարութիւնը, որ վերջինս կատարած է Փեքինի մէջ Լանթին համախմբումի բացման արարողութեան ընթացքին: Վան Ի նշած էր, որ Տանըլտ Թրամփի...

«Թուրքիոյ Հետազօտական Եւ Հորատման  Նաւերուն Թիւը Պիտի Հասնի Վեցի»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիոյ Հետազօտական Եւ Հորատման Նաւերուն Թիւը Պիտի Հասնի Վեցի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ հետախուզական եւ հորատման նաւատորմիղը շուտով պիտի հասնի վեցի: Շատ աւելի շահաւէտ է ինքնուրոյն գնել նաւեր եւ հետախուզական աշխատանքներ կատարել խոստմնալից ծովափէն անդին հանքավայրերու մէջ, քան դիմել արտասահմանեան նաւթակազային ընկերութիւններու ծառայութեան: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Իզմիր նահանգին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գրասենեակի համագումարին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: Ըստ...

Ղարիպաշվիլի Կը Նախատեսէ Դաւիթ Գարեջիի  Նիւթը Քննարկել Ալիեւի Հետ

Ղարիպաշվիլի Կը Նախատեսէ Դաւիթ Գարեջիի Նիւթը Քննարկել Ալիեւի Հետ

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի իր երկրի խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կատարելիք իր այցելութիւնը պիտի ըլլայ արտասահմանեան առաջին այցելութիւններէն մէկը: Ան կը նախատեսէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկել սահմաններու սահմանագծման ու սահմանազատման հարցը եւ Դաւիթ Գարեջի վանական համալիրի նիւթը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»¬ը: Ղարիպաշվիլի ըսած է, որ Ազրպէյճանը Վրաստանի սերտ եւ ռազմավարական ընկերն է, եւ երկիրը կը...

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Այսօր Կ՛այցելէ Թուրքիա

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Թուրքիա

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Թուրքիա` մասնակցելու համար Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Թուրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումին, որ այսօր տեղի պիտի ունենայ Անգարայի մէջ:

Աւստրալիոյ Կառավարութիւնը Աջակցութիւն Յայտնած Է  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործունէութեան` Ընդգծելով  Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Կարեւորութիւնը

Աւստրալիոյ Կառավարութիւնը Աջակցութիւն Յայտնած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Գործունէութեան` Ընդգծելով Ժողովուրդներու Ինքնորոշման Իրաւունքի Կարեւորութիւնը

Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Մերիս Փէյն վերահաստատած է աւստրալիական կառավարութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի գործունէութեան` շեշտելով «Ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը», իբրեւ մէկը երեք հիմնարար սկզբունքներէն, որոնք պէտք է առաջնորդեն Լեռնային Ղարաբաղը դէպի յարատեւ խաղաղութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը: Աւստրալիական դիւանագիտութեան պետը յանձնախումբին եւ Աւստրալիոյ հայ համայնքին ուղղուած պատասխան նամակին մէջ ողջունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած զինադադարի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Թեկնածուն Կը Վերահաստատէ Պայտընի`  Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Խոստումը

Պլինքըն. «Կը Ձգտինք Իրանի Հետ Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնագիրը Երկարաձգել Եւ Ամրապնդել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց, որ իր երկիրը կը ձգտի Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը երկարաձգել եւ ամրապնդել` աւելցնելով. «Ամերիկան նաեւ կը ձգտի աշխատիլ շրջանին մէջ Իրանի ապակայունացնող գործողութիւններուն եւ թեւաւոր հրթիռներ զարգացնելու հարցերով»: Պլինքըն ըսաւ, որ Իրան պէտք է յարգէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ իր կնքած ապահովութեան երաշխաւորման համաձայնութիւններն ու բոլոր միջազգային յանձնառութիւնները: Ամերիկեան...

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Ընդլայնել  Յունաստանի Մէջ Իրենց  Զինուորական Ներկայութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Ընդլայնել Յունաստանի Մէջ Իրենց Զինուորական Ներկայութիւնը

Միացեալ Նահանգներ կ՛առաջարկեն Յունաստանի հետ նոր պաշտպանական համաձայնագիրին մէջ ներառել երկրի քանի մը տասնեակ կեդրոններուն մէջ ամերիկացի զինուորներու տեղակայման կէտը, եւ համաձայնագիրը ամէն տարի վերանորոգելու փոխարէն, զայն վերանորոգել հինգ տարին անգամ մը: Այս մասին յունական թերթերուն յղում կատարելով կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` նշելով, որ ատիկա պիտի ըլլայ երեք տարուան ընթացքին փոխադարձ պաշտպանական համագործակցութեան երկրորդ արդիականացուած համաձայնագիրը: Համաձայնագիրը կը նախատեսէ ամերիկեան...

Բնապահպանական Աղէտ Իսրայէլի Մէջ. Մազութը  Աղտոտած Է Միջերկրականի Ափերը

Բնապահպանական Աղէտ Իսրայէլի Մէջ. Մազութը Աղտոտած Է Միջերկրականի Ափերը

Տասնեակ թոն մազութ թափած է Իսրայէլի` Միջերկրական ծովու ափերու մեծ մասին մէջ: Տեղական իշխանութիւնները կը խօսին երկրի պատմութեան մէջ մեծագոյն բնապահպանական աղէտին մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը: Հազարաւոր կամաւորներ եւ զինուորներ կ՛օգնեն մաքրելու ափը մազութի կոյտերէն, որոնք լուրջ վնաս հասցուցած են բնութեան: Վնասուած տարածքներուն մէջ յայտնաբերուած են սատկած կրիաներ, ձուկեր եւ թռչուններ, որոնց մնացորդները ներկուած են սեւ...

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Համաձայնած Են Արաքսի Վրայ  Երկու Ջրելեկտրակայաններու  Կառուցումը Շարունակելու Շուրջ

Իրանն Ու Ազրպէյճանը Համաձայնած Են Արաքսի Վրայ Երկու Ջրելեկտրակայաններու Կառուցումը Շարունակելու Շուրջ

Իրանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնները հաստատած են Արաքս գետին վրայ կառուցուող «Ղըզ Ղալասի» եւ «Խուտաֆերին» ջրելեկտրակայաններու շինարարութեան աշխատանքներու շարունակութիւնը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարուած է Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի Թաւրիզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին: Իրանեան նահանգին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ջրական (Ճեպրայիլ) շրջանին միջեւ կառուցուող ջրելեկտրակայանի շինարարութիւնը Իրանի ուժանիւթային նախարարութեան կողմէ իրականացուող հիմնական նախագիծերէն մէկն է:

Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան Մէջ  Սպաննուած Է Իտալիոյ Դեսպանը

Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան Մէջ Սպաննուած Է Իտալիոյ Դեսպանը

Երէկ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ Իտալիոյ դեսպան Լուքա Աթանասիոն սպաննուած է երկրի արեւելքին մէջ զինեալ յարձակումի մը պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ: Քոնկոյի «Աքթուալիթէ» կայքը նախապէս յայտնած է, որ Հիւսիսային Իւուի նահանգի Կոմա քաղաքի շրջանին մէջ յարձակումը կատարուած է ՄԱԿ¬ի Պարենաւորման համաշխարհային կազմակերպութեան ինքնաշարժներու շարասիւնին վրայ: Քանի մը ինքնաշարժներ ինկած են անծանօթ զինեալներու կողմէ...

«Վրաստանը Պիտի Շարունակէ Զարգացնել  Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղին»  Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

«Վրաստանը Պիտի Շարունակէ Զարգացնել Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղին» Կ՛ըսէ Ղարիպաշվիլի

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս նախագիծին իրագործումը զգալիօրէն պիտի կրճատէ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բեռներու փոխադրման համար անհրաժեշտ ժամանակը, ինչ որ պիտի արտօնէ Վրաստանին յաւելեալ ապրանքներ ներգրաւել տարանցիկ փոխադրման համար: «Կրուզիա Օնլայն» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Վրաստանի նոր կառավարութեան 2021-2024 թուականներու ծրագիրին մէջ: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Վրաստան պիտի շարունակէ համարկումը միջազգային փոխադրամիջոցային համակարգերուն մէջ եւ պիտի խորացնէ շրջանային համագործակցութիւնը...

«Յունաստանի` Հակաթրքական Դաշինքի  Երազները Պիտի Վերածուին Մղձաւանջի»  Կ՛ըսէ Չելիք

«Յունաստանի` Հակաթրքական Դաշինքի Երազները Պիտի Վերածուին Մղձաւանջի» Կ՛ըսէ Չելիք

Յունաստանի եւ Կիպրոսի` հակաթրքական դաշինքի երազները պիտի վերածուին մղձաւանջի: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք: Չելիք քննադատած է Թուրքիոյ եւ ինքնահռչակ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան բացառումը Միջերկրական ծովու հիմնախնդիրները քննարկելու նոր միջազգային նախաձեռնութենէն: Թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը կը պարզաբանէ, որ Բարեկամութեան համախմբումի առաջին հանդիպումին, որ 11 փետրուարին...

Թեհրան Ուաշինկթընի Հետ Ոչ Պաշտօնական Ժողով  Գումարելու Եւրոպական Առաջարկ Մը Կը Քննարկէ

Թեհրան Ուաշինկթընի Հետ Ոչ Պաշտօնական Ժողով Գումարելու Եւրոպական Առաջարկ Մը Կը Քննարկէ

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի յայտնեց, որ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ հիւլէական համաձայնագիրը ստորագրած երկիրներուն հետ ոչ պաշտօնական ժողով մը գումարելու Եւրոպական Միութեան առաջարկը կը սերտէ: Ան նշեց, որ Իրան այս հարցով կը խորհրդակցի իր գործընկերներուն` Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ եւ ապագային պիտի պատասխանէ այդ առաջարկին, սակայն աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներուն հիւլէական համաձայնագիրին վերադառնալը ժողովի պէտք չունի եւ...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Թուրքիան  «Էս-400»-ները Ձեռք Բերելու Հետեւանքներէն

«Էս-400»-ներու Նոր Խումբի Մատակարարման Շուրջ Թուրքիոյ Հետ Բանակցութիւնները Սառեցուած Չեն» Կ՛ըսէ «Ռոսօպորոնէքսփորթ»

Հակաօդային պաշտպանութեան «Էս-400 Թրայըմֆ» համակարգերու լրացուցիչ խումբի մատակարարման շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները չեն սառեցուած: Այս մասին «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնած է «Ռոսօպորոնէքսփորթ»-ի ղեկավար Ալեքսանտր Միխէեւը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու երկրորդ խումբի մատակարարման շուրջ բանակցութիւնները սառեցուա՞ծ են, ան ըսած է. «Ռոսօպորոնէքսփորթ»-ի մէջ «Էս-400»-ներու մատակարարման վերաբերեալ սառեցուած բանակցութիւններ չեն եղած եւ չկան»: Յիշեցնենք, որ նախապէս Թուրքիան Ռուսիայէն գնած էր չորս «Էս-400»...

Page 374 of 883 1 … 373 374 375 … 883

Արխիւներ