Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Հայաստանի Մէջ Զարգացումները Կը Նկատէ Հայաստանի Ներքին Գործը

Փետրուար 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են ներկայիս ստեղծուած կացութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Քննարկուած է Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը: Փութին կողմ արտայայտուած է Հայաստանի մէջ կարգի եւ հանգստութեան պահպանման` օրէնքի ծիրին մէջ տագնապի լուծման համար: Ռուսիոյ ղեկավարը բոլոր կողմերուն զսպուածութեան կոչ ուղղած է», յայտնած է Փեսքով:

Քրեմլին մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, սակայն կատարուածը կը նկատէ երկրի ներքին գործը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` նշելով, որ Հայաստանը Կովկասի մէջ Ռուսիոյ կարեւոր եւ սերտ դաշնակիցներէն է:

«Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ կացութեան զարգացման: Մենք ատիկա կը նկատենք բացառապէս Հայաստանի` Կովկասի մէջ մեր շատ կարեւոր եւ սերտ դաշնակիցին ներքին գործը», ըսած է Փեսքով` մեկնաբանելով երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

Փեսքով նաեւ աւելցուցած է, որ Մոսկուան բոլորին կոչ կ՛ուղղէ հանդարտելու, եւ որ իրավիճակը պէտք է մնայ սահմանադրական դաշտին մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ի պատասխան Հայաստանի մէջ իրավիճակը մեկնաբանելու «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի խնդրանքին, կացութիւնը կոչած է «հանրապետութեան ներքին գործը» եւ ըսածին այլ մանրամասնութիւններ չէ աւելցուցած:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հաղորդեց, որ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի միջեւ: Վերջինս տեղեկացուցած է հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին:

Ռուսական կողմը ընդգծած է, որ իրենք իրավիճակը կը գնահատեն իբրեւ Հայաստանի ներքին գործ եւ յոյս ունին, որ ատիկա պիտի լուծուի խաղաղ ճամբով:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի անդամ Սերկէյ Ցեքով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ:

Անոր համաձայն, որեւէ յեղափոխական փոփոխութիւն միայն կը վատթարացնէ Ռուսիոյ համար բարեկամ երկիրներու մէջ քաղաքական կացութիւնը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու հարցով յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքով կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւնները պիտի չազդեն Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վրայ, որոնց պահպանման օգտին կ՛արտայայտուի հանրապետութեան բնակչութեան մեծ մասը:

«Ինչ կը վերաբերի մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ի հարկէ չէի ուզեր, որ այս վերիվայրումը ազդեր անոնց վրայ», ըսած է ան` յիշեցնելով, որ վերջին տարիներուն նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ տարատեսակ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են, սակայն «իշխանութիւններու բոլոր փոփոխութիւններուն եւ յեղափոխութիւններուն պարագային», անոնց մեծամասնութիւնը հետաքրքրուած եղած է Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններով:

«Հայաստանի համար ատիկա յատկապէս արդիական է, ամէն պարագայի այնտեղ երբեք հակառուսական ուժ չի գար իշխանութեան: Աւելի ճիշդ, անիկա փորձեց գլուխ բարձրացնել, սակայն աջակցութիւն չստացաւ», աւելցուցած է Քալաշնիքով` բացատրելով, որ նկատի ունի արտասահմանէն աջակցութիւն ստացող հասարակական կազմակերպութիւնները: Անոր համաձայն, միշտ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք որեւէ հարցի մէջ պիտի մեղադրեն Մոսկուան, «սակայն Հայաստանի մեծ մասը հետաքրքրուած է Ռուսիոյ հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան հարցով»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի անդամ Սերկէյ Ցեքով յայտնած է. «Անձամբ զիս շատ կը մտահոգէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, որովհետեւ նման բարեկամ երկիրներու մէջ յեղափոխութեան տիպի որեւէ ճգնաժամ վատ է»:

Ան յոյս յայտնած է, որ «կողմերը պիտի կարենան համաձայնիլ եւ ամէն հարց խաղաղ ճամբով լուծել»:

«Որեւէ յեղափոխութիւն, որեւէ հանրահաւաք ոչ մէկ լաւ բանի կը յանգեցնէ, ատկէ ետք երկրին մէջ իրավիճակը միայն կը վատանայ», եզրափակած է ան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ երէկ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի զօրավար Սերկէյ Շոյկուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

Ռազմավարական դաշնակից երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները քննարկած են Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ իրականացուող առաքելութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ խնդիրներու»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչով յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ կացութիւնը շուտով պիտի լուծուի` գործող օրէնսդրութեան համաձայն: Ան աւելցուցած է, որ ռուս ծերակուտականները կապի մէջ են հայ գործընկեր պատգամաւորներու հետ:

«Ի հարկէ, կը հետեւինք մտահոգութեամբ: Եղբայրական երկրին կը ցանկանք կացութեան շուտափոյթ լուծում` սահմանադրութեան եւ գործող օրէնսդրութեան համաձայն: Հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուինք հայ գործընկեր պատգամաւորներու հետ», ըսած է Քոսաչով:

Ան աւելցուցած է, որ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը նկատէ գերիշխան Հայաստանի ներքին գործը:

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Մենք Բուռն Կերպով Կը Դատապարտենք Հայաստանի Մէջ Յեղաշրջումի Փորձը»

Յաջորդը

Լիւքսամպուրկի Արտաքին Գործոց Նախարարը ՄԱԿ-ի Խորհուրդին Մէջ Դատապարտած Է Արցախի Վրայ Թուրք-Ազրպէյճանական Յարձակումները

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?