Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր թուրքմեն պաշտօնակից Ռաշիտ Միրիտովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն:
Լրագրողի հարցումին, թէ կարելի՞ է Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով համագործակցութեան ծրագիր, Չաւուշօղլու պատասխանած է. «Այժմ կայ խաղաղութեան, շրջանային զարգացման, վերականգնման եւ կայունութեան կարելիութիւն: Մեր կոչը միշտ եղած է այս ուղղութեամբ: Եթէ Հայաստանը շարժի այս ուղղութեամբ, այդ երկիրը եւ անոր ժողովուրդը պիտի շահին շրջանի կայունութենէն ու տնտեսական զարգացումէն: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանը պիտի գործէ` այս ամէնը հաշուի առնելով: Ազրպէյճանի հետ մենք դրականօրէն պիտի արձագանգենք այն դրական քայլերուն, որոնք Հայաստանը պիտի կատարէ»:
Չաւուշօղլու հաստատած է Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ ըսած, որ Թուրքիան նաեւ պիտի աջակցի շրջանի վերականգնման, Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղութեան ու բարգաւաճման: Ան նաեւ ըսած է, որ այս նիւթին շուրջ զարգացումները քննարկուած են երկկողմանի եւ եռակողմանի հանդիպումներու ընթացքին: