Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Քննադատած Է Թուրքիան` Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Անդամներուն Նկատմամբ Ճնշման Համար

Փետրուար 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին կապերու եւրոպական ծառայութեան մամլոյ բանբերները հրապարակած են` յայտարարութիւն մը` քննադատելով քաղաքական դրդապատճառներով գործադրուող դատական հոլովոյթներու միջոցով քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ անոր քանի մը անդամներուն դէմ շարունակուող ճնշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահւալ»-ը:

Յայտարարութեան մէջ քննադատուած է նաեւ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամները երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու փորձը:

«Այս զարգացումները կը նպաստեն, որ Թուրքիան չկատարէ Սելահաթթին Տեմիրթաշը ազատ արձակելու վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռը, ինչպէս նաեւ կալանաւորէ հարիւրաւոր քաղաքական գործիչներ, ընտրուած պաշտօնատարներ եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներ` ահաբեկչութեան առնչուած ըլլալու մեղադրանքներով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ կուսակցութեան անդամներուն ենթադրեալ յանցագործութիւններուն պարզաբանումը կը պահանջէ պատշաճ ընթացակարգ, որուն մէջ պէտք է ապահովուի անմեղութեան կանխավարկածը:

Նշենք, որ թրքական դատարանը Տիգրանակերտի հարաւարեւելեան նահանգի Սուր շրջանի նախկին համաքաղաքապետ, քիւրտ Ֆիլիզ Պուլութթեքինը դատապարտած է 7 տարի 6 ամիս բանտարկութեան` ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու մեղադրանքով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը երկուշաբթի օր «Ահւալ»-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները «տեղեակ են» Թուրքիոյ կառավարութեան վերջին խնդրանքներուն` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 9 օրէնսդիրներու երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկելու վերաբերեալ, եւ «կը հետեւին կացութեան»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «2015 Թուականի Հիւլէական Համաձայնութիւնը Թեհրանի Հետ Բանակցելու Ճիշդ Հիմն Է»

Յաջորդը

Քոնկրեսական Սփիր Պայտընի Վարչակազմին Կոչ Ուղղած Է Վերաներգրաւուելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքներուն Մէջ

RelatedPosts

Արաբական Վեհաժողովը Կը Պահանջէ Կազայի Վրայ  Յարձակումը Դադրեցնել  Եւ Օժանդակութիւններու Մուտքը Արտօնել
Գլխաւոր լուրեր

Արաբական Վեհաժողովը Կը Պահանջէ Կազայի Վրայ Յարձակումը Դադրեցնել Եւ Օժանդակութիւններու Մուտքը Արտօնել

Մայիս 19, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պաշտօնապէս  Ստանձնեց Պապի Պաշտօնը
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պաշտօնապէս Ստանձնեց Պապի Պաշտօնը

Մայիս 19, 2025
Ազրպէյճանն Ու Իրանը Արցախի Մէջ  Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն
Միջազգային

Ազրպէյճանն Ու Իրանը Արցախի Մէջ Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?