Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «2015 Թուականի Հիւլէական Համաձայնութիւնը Թեհրանի Հետ Բանակցելու Ճիշդ Հիմն Է»

Փետրուար 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս երեքշաբթի օր յայտնեց, որ 2015-ին ստորագրուած հիւլէական համաձայնագիրը «բանակցութեան ճիշդ հիմն է»` աւելցնելով, որ Ճօ Պայտընի վարչակազմը «չի զօրակցիր նախկին վարչակազմի վարմունքին, երբ Իրան յանձնառու էր համաձայնութեան կէտերուն»:

Փրայս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ եւրոպական երկիրներուն հետ միացեալ երկխօսութիւնը «հիմնական հարթակն է, որուն շուրջ պէտք է ընթանան քննարկումները»` նշելով, որ ամերիկեան նոր վարչակազմը կ՛ուզէ Քոնկրեսի անդամներուն եւ «մեր դաշնակիցներուն հետ» երկխօսութեան ճամբով վստահ ըլլալ, որ հիւլէական համաձայնութեան վերաբերեալ իր մօտեցումը օրինական է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկրին շահը կ՛ապահովուի նախ եւ առաջ «իրանեան թղթածրարով մեր զբաղելով, եւ դիւանագիտութիւնը Իրանի` հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու լաւագոյն միջոցն է»` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն իր արժէքներն ու շահերը կը կիրարկէ բոլոր կողմերուն հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ, եւ ասիկա կը վերաբերի նաեւ Իսրայէլին»:

Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի` հիւլէական համաձայնութեան վերադառնալուն նկատմամբ իսրայէլեան մտավախութեան, Փրայս ըսաւ, որ իր երկիրը «յանձնառու է Իսրայէլի, անվտանգութեան նկատմամբ, եւ աշխատանք կը տանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն կողմերը ամրապնդելու»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյն Փսաքի մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ իր երկիրը Իրանի հետ բանակցութիւններու եւ բանակցութեան սեղան նստելուն նկատմամբ «դրականօրէն տրամադրուած է»` աւելցնելով. «Դիւանագիտութեան ուղին լաւագոյն ուղին է»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս, խօսելով պաղեստինեան հարցին մասին, ըսաւ, որ Պայտընի վարչակազմին կարծիքով` «երկու պետութիւններու լուծումը Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի միակ ուղին է»` աւելցնելով. «Չկար ոեւէ մէկը, որ կը կարծէր, թէ երկու պետութիւններ լուծումը ապահովուած է»:

Փրայս Իսրայէլին կոչ ուղղեց` խուսափելու «որեւէ միակողմանի քայլէ, որ կրնայ լարուածութիւնը բարձրացնել եւ խանգարել երկու պետութիւններու լուծման ձգտող ջանքերը»` նշելով. «Չենք ուզեր, որ որեւէ կողմ այս ջանքին վրայ ազդող քայլեր որդեգրէ»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շեշտեց, որ Թեհրանի` հիւլէական համաձայնութեան մէջ մնալը կախեալ է Ուաշինկթընի տնտեսական պատժամիջոցները ջնջելէն: Ըստ անոր, աշխարհը պարտական է իրանցի ժողովուրդին` հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ իր յանձնառութեան համար:

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կ՛ողջունէ Բանակի Հրամանատարութեան Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Քննադատած Է Թուրքիան` Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Անդամներուն Նկատմամբ Ճնշման Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?