ՄԱԿ-ի մէջ մտահոգուած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ կողմերուն զսպուածութեան ու երկխօսութեան միջոցով քաղաքական տարակարծութիւններու լուծման կոչ կ՛ուղղեն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:
«Այն, ինչ որ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ, մեզ չափազանց կը մտահոգէ: Շատ կարեւոր է, որ բոլոր կողմերը պահպանեն հանգստութիւնը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն ցուցաբերելու, երկխօսութեան սկսելու լարուածութեան մեղմացման եւ քաղաքական տարակարծութիւններու լուծման համար», ըսած է Տիւժարիք:
Ան ընդգծած է, որ կացութիւնը պէտք է կարգաւորուի սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարական հոլովոյթներու նկատմամբ լիակատար յարգանքով: