«Իրաք – Սուրիա Սահմանին Մօտ Կատարուած Օդային Հարուածը Պատգամ Է» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Իրաք-Սուրիա սահմանին վրայ իրաքեան Ժողովրդային աշխարհազօրին դէմ կատարուած ամերիկեան օդային հարուածը «պաշտպանական պատգամ մըն է, որուն նպատակը հաստատելն է, որ Ուաշինկթըն իր զինուորներուն թիրախաւորման նկատմամբ աչք պիտի չփակէ»: Մինչ այդ, Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը իր ուժերը դրաւ պատրաստ վիճակի մէջ: Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու օդային...


















