ՕԹԱՆ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի մէջ կացութեան զարգացման եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` խուսափելու մագլցումէն: Կառոյցի պաշտօնական ներկայացուցիչ Օանա Լունկեսքու «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ ընդգծած է, որ տարակարծութիւնները պէտք է լուծուին սահմանադրութեան ծիրին մէջ եւ խաղաղ ճամբով:
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք մեր գործընկեր երկրին` Հայաստանի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման: Կարեւոր է խուսափիլ այնպիսի արտայայտութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել հետագայ մագլցումի: Որեւէ քաղաքական տարակարծութիւն պէտք է լուծուի խաղաղ եւ ժողովրդավարական ճամբով` Հայաստանի սահմանադրութեան համապատասխան: