Հակառակ «Քորոնա»-Ին Եւ Ապահովական Վտանգներուն. Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Աննախադէպ Այցելութեամբ Մը Հասաւ Իրաք
Ֆրանչիսկոս պապը երէկ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին յայտնուելէն ետք իր կատարած առաջին միջազգային ուղեւորութեամբ հասաւ Պաղտատ` այդպիսով դառնալով պատմութեան մէջ առաջին պապը, որ կ՛այցելէ Իրաք: «Քորոնա» ժահրի համաճարակն ու ապահովական վտանգները այս այցելութիւնը դարձուցին Ֆրանչիսկոս պապին կատարած ամէնէն վտանգաւոր այցելութիւնը, սակայն 84 տարեկան պապը պնդեց, որ ինք Իրաք այցելելու «պարտաւորութիւնը ունի»: Ան օդանաւին մէջ լրագրողներուն ըսաւ, որ իրաքցի քրիստոնեաները կարելի չէ...




















