Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Եասին Աքթայ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան վերաբերեալ գաղտնի սպասարկական տեղեկագիրը կը վերածէ գործիքի, որուն միջոցով Միջին Արեւելքի վերաբերեալ իր քաղաքականութիւնը կը կիրարկէ եւ Խաշոկճիի անունը կ՛օգտագործէ «կեղտոտ նպատակ»-ի իրագործման համար:
Աքթայ թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին յայտնեց, որ Պայտընի վարչակազմը չի գործեր ի նպաստ արդարութեան կամ զեկուցումին վրայ լոյս սփռելով արդարութեան կողքին չի կանգնիր, այլ ընդհակառակն` Խաշոկճիի թղթածրարը կ՛օգտագործէ իբրեւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ յաղթաթուղթ:
Ըստ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականին, այդ հարցին մէջ առաջին նպատակը արդարութեան իրագործումն է եւ ոչ թէ Սէուտական Արաբիան որեւէ ձեւով դժուար կացութեան մատնելը:
Աքթայ Պայտընի վարչակազմին քաղաքականութիւնը բաղդատեց իսրայէլեան քաղաքականութեան հետ` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի մէջ անիրաւութեան պարագլուխը Իսրայէլն ու սիոնական քաղաքականութիւնն է, ուստի ինչո՛ւ պէտք է ակնկալենք, որ Միջին Արեւելքի մէջ Պայտընի քաղաքականութիւնը դէպի արդարութիւն ուղղուի, երբ ան ինքզինք կը նկատէ սիոնականութեան մեծագոյն ներկայացուցիչը»:



