Ուաշինկթընին եւ Մոսկուային անհրաժեշտ է միաւորել ջանքերը շարք մը ոլորտներու մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Քոսմոս» քննարկման ակումբին մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով:
«Մեր երկիրներու շահերէն պիտի բխէր միաւորել ջանքերը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, ահաբեկչութեան, զանգուածային ոչնչացման զէնքի տարածման եւ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ տիեզերքի միացեալ հետազօտման եւ Հիւսիսային բեւեռի մէջ բնապահպանութեան ոլորտներուն մէջ», ըսած է Անթոնով:
Ռուս դիւանագէտը ընդգծած է, որ Մոսկուան կ՛ակնկալէ խորացնել երկխօսութիւնը «շրջանային նիւթերու» շուրջ` Սուրիա, ԱՖղանիստան, Իրան, Քորէական թերակղզի, Միջին Արեւելք, Լատին Ամերիկա, Ասիա եւ Ափրիկէ:
Անոր համաձայն, նաեւ անհրաժեշտ է վերականգնել կառավարական գծով հաղորդակցման լիարժէք ենթակառոյցը:
«Մենք բազմիցս ամերիկեան կողմին ներկայացուցած ենք ցանկ մը երկկողմանի յարաբերութիւններու լուծման առաջնահերթ քայլերու, որոնք կը վերաբերին մեր երկիրներու հիւլէական պատերազմի անընդունելիութեան վերաբերեալ «Կորպաչով-Ռեկըն» բանաձեւի հաստատման եւ ատոր մէջ յաղթող դառնալու անկարելիութեան: Բացի ատկէ, կարելի է փոխանակել ներքին գործերուն չխառնուելու գրաւոր երաշխիքներով, փոխադարձ համագործակցութիւն հաստատել համացանցային անվտանգութիւնը ապահովելու ոլորտին մէջ, արդիականացնել բաց ծովուն եւ օդային տարածքին մէջ միջադէպերու կանխարգիլման մասին համաձայնագիրը», ըսած է Անթոնով:
Դեսպանը յիշեցուցած է, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին համագործակցութեան լայն ծրագիր առաջարկած է միջազգային տեղեկատուական անվտանգութեան հարցերուն մէջ: Դիւանագէտը նշած է, որ անոր նախաձեռնութիւնը տակաւին «կը մնայ բանակցութիւններու սեղանին վրայ»:
«Վերջապէս, ցանկութիւն կայ, որ Ռուսիոյ դեսպանատունը աշխատի հանգիստ մթնոլորտի մէջ, առանց քաղաքական կացութեան սրման, նախ եւ առաջ այցեգիրներու ոլորտին մէջ: Մենք պատրաստ ենք անցնելու ճամբու մեր հատուածը», ընդգծած է Անթոնով:
«Գլխաւորը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը քաղաքական կամք ունենայ», եզրափակած է Ռուսիոյ դեսպանը: