Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը «բնագիտական ու քիմիական զէնքերու արտադրութեան առնչակից» 14 կառոյցներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատած է:
Ան ըսաւ, որ ռուս ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնիի հարցով պատժամիջոցները առաջինն են, «եւ Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ քայլեր կան»` աւելցնելով, որ ռուս 7 բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ եւս պատժամիջոցներ հաստատուած են:
Ամերիկացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ նոյն հարցով պատժամիջոցներու ենթարկուած են նաեւ ռուսական, գերմանական եւ զուիցերիական հաստատութիւններ:
Մինչ այդ, գերմանական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը ռուս անձնաւորութիւններ կը ներառէ պատժամիջոցներու ենթակայ անձերու ցուցակին վրայ: