Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց. «Եթէ Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու իսկական կամք ըլլայ` ետդարձ պիտի կատարենք Հիւլէական համաձայնագիրին նկատմամբ մեր յանձնառութիւնները նուազեցնելէն»:
Ան ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց` «յստակօրէն յայտարարելու նախկին վարչակազմին քաղաքականութեան սխալները եւ մեր կրած վնասներուն փոխհատուցում կատարելու»:
Ռուհանի Իրանի նախարարաց խորհուրդի ժողովի ընթացքին նշեց. «Հիւլէական համաձայնութիւնը կը նկատուի իր պատմութեան մէջ Իրանի ստորագրած ամէնէն կարեւոր քաղաքական համաձայնութիւնը, եւ այդ համաձայնութեան մէջ հսկայական աշխատանք կատարեց»:
«Կրնանք հիւլէական ոլորտին մէջ զարգանալ եւ օրինականացնել մեր ճարտարագիտութիւնները, որոնք արդէն օրինական էին: Տնտեսական պատերազմին մէջ տոկացինք եւ պահպանեցինք հիւլէական համաձայնութիւնը, զոր մենք ստեղծեցինք», ըսաւ Իրանի նախագահը:



