Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Արցախի` Պաքուի Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերաբերեալ Նոր Յուշագիր Ստորագրած Են
Պոլսոյ ճարտարագիտութեան պուրակը եւ Ազրպէյճանի նորարարութիւններու հարցերով գործակալութիւնը համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են բարձր ճարտարագիտութիւններու ոլորտին մէջ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Պոլսոյ ճարտարագիտութեան պուրակի հաղորդագրութեան մէջ: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ ապագային կողմերու միացեալ գործունէութեան իրականացում եւ բարձր ճարտարագիտական պուրակներու միացեալ ստեղծում: Մասնաւորաբար, խօսքը Արցախի` Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներու բարձր ճարտարագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու կեդրոններու վերածման, փորձառութեան եւ...




















