Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը հիմնուած է «կատաղի ռուսատեացութեան» վրայ. Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելով` Պրիւքսելն ու Ուաշինկթընը կ՛ուզեն ուշադրութիւնը շեղել իրենց սեփական խնդիրներէն: «Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ասիկա Եւրոպական Միութեան հետ տեսակ մը գրեթէ-դաշինք է, որուն ետին կատաղի ռուսատեացութենէն բացի ոչինչ կայ: Դաշինքները պէտք է ուղղուած ըլլան կառուցողական, դրական հարցերու լուծման եւ ոչ թէ հողմաղացներու հետ անվերջ պայքարին», ըսած է Զախարովա:
Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու խնդիրն է ստեղծել որոշակի պատկեր, որ անոնց պիտի արտօնէ իրենք զիրենք կոչել «քիմիական զինաթափման ոլորտին մէջ արդարութեան մարտիկ»:
Ըստ անոր, այդ շղթայի լրացուցիչ տարրը բազմակողմանիութիւնն է, «որուն համար այժմ կը պաշտպանեն Միացեալ Նահանգները»` Եւրոպական Միութեան հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծած է, որ նման արշաւներու մասերէն մէկը, որ կը ներառէ նաեւ հակառուսական նոր պատժամիջոցները, Ուաշինկթընի ցանկութիւնն է` «ուշադրութիւն շեղելու սեփական խնդիրներէն»: Նման երկընտրանքները, ըստ Զախարովայի, ի յայտ եկած են նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ զանգուածային պատուաստումներու հարցին մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար համաձայնութեան գալ միասնական մօտեցումի շուրջ, թէ արդեօք անհրաժե՞շտ է ներդրել պատուաստումներու անձնագիրներ, անոնք ինչպէ՞ս կրնան համատեղուիլ մարդու իրաւունքներու, տեղաշարժի ազատութեան իրենց սեփական հայեցակարգին հետ», նշած է Զախարովա:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էին ռուս ընդդիմադիր գործիչ Ալեքսէյ Նաւալնիի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով ռուս պաշտօնատարներու եւ ռուսական կազմակերպութիւններու դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու մասին:
Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատումը երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ քանդիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ:



