Զուիցերիոյ խորհրդարանի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած են Զուիցերիա¬Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներ Քարլօ Սոմարուկի` 12 դեկտեմբեր 2020-ին, եւ Շթեֆան Միւլլեր Ալթերմաթի` նոյն տարուան 17 դեկտեմբերի հարցումները` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի եւ Զուիցերիոյ մէջ ՍՈՔԱՐ¬ի գործունէութեան վերաբերեալ, որոնք ուղարկուած են Դաշնակցային խորհուրդին, ինչպէս նաեւ այդ հարցումներուն պատասխանները:
Պատասխանելով Շթեֆան Միւլլեր Ալթերմաթի` Արցախի կարգավիճակի մասին հարցումին` Միջազգային յարաբերութիւններու դաշնակցային բաժանմունքը աջակցութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` նշելով, որ այդ հարցը պէտք է լուծուի դիւանագիտութեան ճամբով, համաձայն միջազգային օրէնքին, որ կ՛երաշխաւորէ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն:



