Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը Կը Նկատէ Այդ Երկրին Ներքին Գործը» Կ՛ըսէ Զախարովա

March 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ կարծիքով` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող հասարակական քաղաքական իրադարձութիւնները հանրապետութեան ներքին գործն են, եւ Մոսկուան չի կրնար այդ հարցին մէջ այլ դիրքորոշում ունենալ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Ասիկա գերիշխան պետութեան ներքին գործն է, ասիկա քաղաքական հոլովոյթ է այդ պետութեան մէջ, ուստի այլ գնահատականներ չեն կրնար ըլլալ», ըսած է Զախարովա:

Մինչ այդ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը Ռուսիոյ բարեկամ քաղաքական գործիչներէն է, սակայն այն միտքը, թէ ան իր գործողութիւնները կը համակարգէ Մոսկուայի հետ, անհեթեթ է:

«Հայաստանի քաղաքական գործիչները կարիք չունին իրենց որոշումները համակարգելու Ռուսիոյ նախագահին հետ: Ասիկա բացարձակապէս անհեթեթ հարցադրում է: Ինք` Ռոպերթ Սեդրակովիչը, ի հարկէ, Ռուսիոյ մեծ բարեկամն է: Ան համոզուած է, որ Հայաստանի համար օգտակար պիտի ըլլայ հետագային զարգացնել եւ խորացնել Ռուսիոյ հետ փոխադարձ գործակցութիւնը: Ան այն մարդն է, որ մեծ ջանքեր գործադրած է իր երկրի զարգացման համար: Մենք ընդհանուր առմամբ գոհունակութեամբ կ՛արձանագրենք, որ Հայաստանի քաղաքական գործիչներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կողմնակից են Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման: Մեզի համար ատիկա գլխաւորն է», ըսած է Փեսքով:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը նշած է, որ այդ քաղաքական գործիչներուն շարքին է նաեւ գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք կը կեդրոնանանք Փաշինեանի համապատասխան յայտարարութիւններուն վրայ: Դուք գիտէք, որ շատ աշխուժ երկխօսութիւն տեղի կ՛ունենայ անոր եւ Ռուսիոյ նախագահին միջեւ: Դուք գիտէք, թէ ի՛նչ լարուած աշխատանք նախորդած է եռակողմ փաստաթուղթի ստորագրութեան, որ վերջ դրաւ ղարաբաղեան պատերազմին: Այդ պատճառով անոնց յարաբերութիւնները իրօք արժէքաւոր են», ըսած է Փեսքով:

Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ ռուսական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, թէ պատրաստ է դարձեալ յաւակնիլ երկրի բարձրագոյն պաշտօնին:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Հայաստանին Գումար Յատկացուցած Է Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Համար

Յաջորդը

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը 6 Շաբաթ Տեւող Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.