Սպիտակ տունը երէկ իր պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակեց «Ազգային անվտանգութեան առժամեայ ուղեցոյց»-ը, որուն նպատակը ներկայացնելն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի պատկերացումը, թէ իր երկիրը աշխարհի հետ ինչպէ՛ս պիտի գործէ, եւ ամերիկեան կառավարութեան տարբեր բաժանմունքներուն ու գործակալութիւններուն ուղեցոյց տալ, որպէսզի իրենց քայլերը ատոր համահունչ դարձնեն, մինչ վարչակազմը կը սկսի աշխատիլ իր Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան վրայ:
Փաստաթուղթին մէջ իբրեւ ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւններ նշուած են «ամերիկացի ժողովուրդի անվտանգութեան պաշտպանութիւնը», «տնտեսական բարգաւաճումի եւ առիթի ընդլայնումը», ինչպէս նաեւ «կեանքի ամերիկեան ուղիին սիրտը եղող ժողովրդավարական արժէքներու իրականացումն ու պաշտպանումը», իսկ անոնց իրագործման համար «պիտի վերաշխուժացնենք եւ արդիականացնենք աշխարհի տարածքին մեր դաշինքներն ու գործընկերութիւնները»:
Ըստ փաստաթուղթին, Միջին Արեւելքի հարցերը զինուորական ուժի կիրարկումով չեն լուծուիր, Ուաշինկթըն պիտի ամրապնդէ Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ զինուորական ներկայութիւնը, իսկ Միջին Արեւելքի մէջ այդ ներկայութիւնը բաւարար պիտի ըլլայ որոշ կարիքներ հոգալու համար:
Ուղեցոյցը կը նշէ, որ Ուաշինկթըն պիտի պահպանէ շրջանին մէջ Իսրայէլի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու իր յանձնառութիւնը եւ իր դաշնակիցներուն հետ գործակցաբար պիտի դիմակայէ Իրանի սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ միեւնոյն ժամանակ պիտի ամրապնդէ Քայիտայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման իր ջանքերը:
Փաստաթուղթը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգները այսուհետեւ եռիլիոններով տոլարներ պիտի չծախսէ անվերջ պատերազմներու վրայ, եւ «պատասխանատու կերպով վերջ պիտի տայ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ամէնէն երկար պատերազմին, սակայն երաշխաւորելով, որ Աֆղանիստանը անգամ մը եւս Միացեալ Նահանգներու եւ այլ վայրերու դէմ ահաբեկչական յարձակումներ շղթայազերծելու ապաստանարան չըլլայ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն փաստաթուղթին մէջ կը յայտնէ, որ իրենք պիտի ձեռնարկեն Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ «իմաստալից երկխօսութեան»` շարք մը զինուորական ճարտարագիտութիւններու զարգացման շուրջ, որոնք կրնան վնասել ռազմավարական կայունութեան: