Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Հայաստանին Գումար Յատկացուցած Է Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Համար

March 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 150 հազար տոլար պիտի յատկացնէ Ուաշինկթընի եւ Երեւանի գործընկերային յարաբերութիւններու ամրապնդման համար: Այս մասին նշուած է դրամաշնորհի նկարագրութեան մէջ, որուն ծանօթացած է «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ գումարը նախատեսուած է գործադրելու համար ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն երկու երկիրներու «փոխադարձ գործակցութեան զարգացման»:

«Բոլոր նախագիծերը պէտք է ունենան ամերիկեան մշակութային երեւոյթ կամ կապ որոշակի ոլորտի մէջ մասնագիտացած ամերիկեան փորձագէտներու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու հետ, ինչ որ պիտի նպաստէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան եւ տեսակէտներու աւելի խոր ըմբռնումին», նշուած է փաստաթուղթի բնագիրին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը կարծեն, որ դրամաշնորհները ստացողները կարելի է ներգրաւել Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի հասարակաց արժէքներու յառաջ մղման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդման աշխատանքին մէջ: Խօսքը կը վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի բնակիչներու հետ հայերու բարեկամական յարաբերութիւններու վերականգնումին:

Բացի ատկէ, ապագայ կապալառուներու գործունէութիւնը կրնայ ուղղուիլ հայկական լրատուամիջոցներու ներուժի, երկրին մէջ «ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան եւ օրէնքի գերակայութեան» զարգացման:

Նախաձեռնութեան իրականացման համար, զոր պիտի համակարգէ Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, կը նախատեսուի յատկացնել 150 հազար տոլար:

Փետրուար 2020-ին հաղորդուած էր Հայաստանի մէջ «Ժողովրդավարութեան մշակոյթի» զարգացման համար աւելի քան 640 հազար տոլար յատկացնելու մասին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքային յարաբերութիւններու գրասենեակի ծրագիրներուն համար: Օգոստոսին նաեւ յայտնի դարձած էր երկրին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ամրապնդման նպատակով երկու միլիոն եւրօ յատկացնելու` Եւրոպական յանձնաժողովի մտադրութեան մասին: Նախագիծին թիրախներէն մէկն էր հանրապետութեան մէջ «ժողովրդավարութեան հետագայ զարգացումը»:

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանը Ղարաբաղը Ազատագրելով Շրջանին Մէջ Նոր Կարելիութիւններ Բացաւ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Ռուսիան Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը Կը Նկատէ Այդ Երկրին Ներքին Գործը» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.