Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Քրիստոնէական  Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը Ամերիկեան  Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է` Զբաղելու  Հայ Գերիներու Ազատման Հարցով

Միացեալ Նահանգներու Քրիստոնէական Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը Ամերիկեան Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է` Զբաղելու Հայ Գերիներու Ազատման Հարցով

Քրիստոնէական եկեղեցիներու ազգային խորհուրդը Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է անյապաղ օգնութիւն տրամադրելու Արցախի բնակիչներուն, որոնք ստիպուած եղած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած վերջին պատերազմի պատճառով լքել իրենց տուները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»¬ը, այս մասին նշուած է խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Մենք Միացեալ Նահանգները կը յորդորենք աշխուժօրէն բանակցութիւններ վարել` վերադարձնելու համար հայ զինուորներն ու քաղաքայինները, որոնք 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած...

Քրեմլին. «Պայտըն Չ՛ուզեր Մոսկուայի Հետ  Յարաբերութիւնները Կարգաւորել.  Ռուսիան Ատկէ Պիտի Մեկնի»

Քրեմլին. «Պայտըն Չ՛ուզեր Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորել. Ռուսիան Ատկէ Պիտի Մեկնի»

Ռուսիան պիտի մեկնի անկէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «բացարձակապէս չ՛ուզեր կարգաւորել Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները»: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Քրեմլինի ներկայացուցիչը Պայտընի` Փութինի հասցէին ուղղած խօսքերը «շատ վատ արտայայտութիւններ» կոչած է: Պայտըն նախապէս պատասխանելով լրատուամիջոցներու այն հարցումին, թէ արդեօք ան իր ռուս պաշտօնակիցը «մարդասպան» կը նկատէ՞, ըսած...

Ալիեւները Դարձեալ Այցելած Են Շուշի.  «Այստեղ Պիտի Կառուցուին  5, 4 Եւ 3 Աստղանի Պանդոկներ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ալիեւները Դարձեալ Այցելած Են Շուշի. «Այստեղ Պիտի Կառուցուին 5, 4 Եւ 3 Աստղանի Պանդոկներ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, երկրի առաջին տիկին ու փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի եւ իրենց դստեր` Լէյլա Ալիեւայի հետ այցելած են Շուշի: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ըստ Ալիեւի, դէպի Շուշի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նախատեսուի: Հետեւաբար, այստեղ պիտի կառուցուին հինգ, չորս եւ երեք աստղանի պանդոկներ, ուրկէ կարելի է հիանալ քաղաքը շրջապատող գեղեցիկ լեռներով:

«Լեռնային Ղարաբաղը Բաւական Բարդ Գործողութիւն Է.  Ստիպուած Էինք Համոզել Բոլորը, Եւ Այստեղ Շատ Բան  Կախեալ Է Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ  Ձեւաւորուած Յարաբերութիւններէն»  Կ՛ըսէ Շոյկու

«Լեռնային Ղարաբաղը Բաւական Բարդ Գործողութիւն Է. Ստիպուած Էինք Համոզել Բոլորը, Եւ Այստեղ Շատ Բան Կախեալ Է Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Ձեւաւորուած Յարաբերութիւններէն» Կ՛ըսէ Շոյկու

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու ղազախական «Թենկրինիուզ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան եւ այդ ծիրին մէջ առանձնացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: «Լեռնային Ղարաբաղը բաւական բարդ գործողութիւն է: Ճիշդ այդպէս կ՛ուզեմ զայն կոչել եւ ոչ մէկ ուրիշ կերպ, որովհետեւ ատոր մէջ ներգրաւուած են մեծ թիւով փաստարկներ, տարրեր, դրդապատճառներ: Համաձայն եղէք, չէ՞ որ երբ իրարու դէմ...

«Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Պատերազմական  Գերիները Պէտք Է Հայաստան Վերադարձուին»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

«Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Պատերազմական Գերիները Պէտք Է Հայաստան Վերադարձուին» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

  Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ վստահեցուց, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատերազմական գերիները պէտք է Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձուին: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին: «Պատերազմական գերիներու հարցին վերաբերեալ մօտեցումս յստակ է եւ պարզ` անոնք պէտք է վերադարձուին: Հոլովոյթը պէտք է իրականացուի ո՛չ միայն 9 նոյեմբերի յայտարարութեան հիման վրայ,...

Քոնկրեսին Ներկայացուած Են  Բանաձեւեր

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Անյապաղ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահներ Էտըմ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ֆրանք Փալոնը, Տէյվիտ Վալատոն եւ Ճեքի Սփիրը 16 մարտին ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին գերեվարուած բոլոր պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները: Բանաձեւին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ներկայացուցիչներու տան 31 անդամներ: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 9...

Շոյկու Անդրադարձած Է «Թուրանի Բանակ»-ի  Ստեղծման Մասին Խօսակցութիւններուն

Շոյկու Անդրադարձած Է «Թուրանի Բանակ»-ի Ստեղծման Մասին Խօսակցութիւններուն

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու մեկնաբանած է Թուրքիոյ եւ յետխորհրդային որոշ պետութիւններու մէջ, մասնաւորաբար` Ղազախստանի մէջ, առանձին քաղաքական գործիչներու «Մեծ Թուրան» եւ «Թուրանի բանակ» ստեղծելու մասին յայտարարութիւնները: Ռուս նախարարը ղազախական «Թենկրինիուզ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յիշեցուցած է, որ թրքալեզու ժողովուրդներ կը բնակին նաեւ Ռուսիոյ տարածքին մէջ: Ուստի անհասկնալի է, թէ որո՛ւն դէմ ուղղուած են այդպիսի խօսակցութիւնները: «Առաջին բանը, որ կ՛ուզեմ...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Իր Մօտ Կանչեց Ուքրանիոյ Ժամանակաւոր Գործավարը`  Բողոքելու Համար Քիեւի Մէջ Սադրիչ Արարքի Մը Դէմ

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Մօտ Կանչեց Ուքրանիոյ Ժամանակաւոր Գործավարը` Բողոքելու Համար Քիեւի Մէջ Սադրիչ Արարքի Մը Դէմ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր մօտ կանչած է Մոսկուայի մէջ Ուքրանիոյ ժամանակաւոր գործավարը` բողոքելով Քիեւի մէջ ռուս դիւանագէտներու նկատմամբ սադրիչ արարքի մը դէմ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ռուսական կողմը բուռն կերպով բողոքած է 16 մարտին Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դիւանագէտներուն նկատմամբ կատարուած սադրիչ արարքին դէմ: Նախարարութիւնը նշեց, որ ռուս դիւանագէտներուն լուսանկարները կրող եւ անոնց հասցէին վարկաբեկիչ խօսքերով պաստառներ...

«Խրիմի Ճակատագիրն Ու Ապագան  Յաւերժ Ռուսիոյ Հետ Են»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Խրիմի Ճակատագիրն Ու Ապագան Յաւերժ Ռուսիոյ Հետ Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

Խրիմը յաւերժ պիտի մնայ Ռուսիոյ հետ, արտասահմանեան պետութիւնները պիտի չկարենան փոխել այդ վիճակը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը` թերակղզին Ռուսիոյ միացնելու տարեդարձին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ: «Խրիմի ճակատագիրն ու ապագան յաւերժ Ռուսիոյ հետ են, ատիկա ոեւէ մէկուն հաճելի կու գայ, թէ ոչ: Արեւմտեան պետութիւններու որեւէ գործողութիւն` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, չի...

Թուրքիա Կը Հերքէ Օճալանի`  Իր Բանտին Մէջ Մահացած Ըլլալուն Լուրը

Թուրքիա Կը Հերքէ Օճալանի` Իր Բանտին Մէջ Մահացած Ըլլալուն Լուրը

Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի ընդհանուր դատախազի գրասենեակը յայտնեց, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի` իր բանտին մէջ մահացած ըլլալուն մասին լուրերը «իրականութեան չեն համապատասխաներ»: Գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ընկերային ցանցի կարգ մը օգտատէրեր հաղորդած են Իմրալիի բանտը գտնուող Օճալանի մահացած ըլլալուն մասին «պնդումներ, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ»: «Դատապարտեալը ողջ է եւ առողջութեամբ լաւ», աւելցուց գրասենեակը` հասարակական կարծիքին...

Ճափոնի, Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ,  Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Ծովուժները  Ապրիլին Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ճափոնի, Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներու Եւ Ֆրանսայի Ծովուժները Ապրիլին Միացեալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն

Ճափոնի, Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ծովուժներու միացեալ ռազմափորձերը կրնան տեղի ունենալ ապրիլի սկիզբը` Պենկալեան ծոցին մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ճափոնական «Եոմիուրի» օրաթերթը: Օրաթերթին տեղեկութիւններով` ռազմափորձերուն կրնան մասնակցիլ հինգ պետութիւններու մարտանաւերը եւ սուզանաւերը: «Եոմիուրի» կ՛ընդգծէ, որ ռազմափորձերը, մասնաւորաբար, ուղղուած պիտի ըլլան շրջանին մէջ Չինաստանի գործունէութեան զսպման: Յիշեցնենք, որ Ճափոնի, Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ եւ...

Զախարովա Զգուշացուցած Է Ուքրանիան`  Զերծ Մնալու Տոնպասի Մէջ Ուժային  Բեմագրութեան Գործադրութենէն

Զախարովա Զգուշացուցած Է Ուքրանիան` Զերծ Մնալու Տոնպասի Մէջ Ուժային Բեմագրութեան Գործադրութենէն

Ուքրանիան Մոսկուային ուղղուած մեղադրանքներով «նախանձելի յաճախականութեամբ» կը քողարկէ իր անգործութիւնը Տոնպասի մէջ: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Ուքրանիոյ պաշտօնական դէմքերը նախաձելի յաճախականութեամբ, յատկապէս վերջին շրջանին, կը քողարկեն իրենց անգործութիւնը եւ ակնյայտօրէն կը խախտեն երկրի արեւելեան շրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղուած համաձայնութիւնները` Ռուսիոյ հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելով եւ մեր վրայ բարդելով այն...

Սուրիական Հակաօդային Պաշտպանութեան  Համակարգերը Դէմ Կը Դնեն Իսրայէլեան Հրթիռներուն

Սուրիական Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Կը Դնեն Իսրայէլեան Հրթիռներուն

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երէկ գիշեր Դամասկոսի գիւղական շրջանին մէջ վար առած են իսրայէլեան քանի մը հրթիռներ: Հրթիռները արձակուած են Կոլանի բարձունքներու շրջանէն: Անոնցմէ ոմանք պատճառած են նիւթական վնասներ:

Էրտողան. «Սէուտական Արաբիան Թուրքիայէն  Անօդաչու Թռչող Սարքեր Կ՛ուզէ»

Էրտողան. «Սէուտական Արաբիան Թուրքիայէն Անօդաչու Թռչող Սարքեր Կ՛ուզէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Թուրքիան Յունաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ միացեալ ռազմափորձերը դիտողի կարգավիճակին մէջ պիտի չմնայ»: «Սէուտական Արաբիոյ եւ Յունաստանի միջեւ միացեալ ռազմափորձեր կան, եւ նոյն ատեն թրքական անօդաչու թռչող սարքեր գնելու սէուտական դիմում կայ», նշեց Էրտողան:  

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը`  Մոսկուայի Պայմանագիրի 100-Ամեակին Առիթով.  «Կը Վերահաստատենք Բոլոր Ուղղութիւններով  Թուրքիոյ Հետ Կառուցողական Փոխադարձ  Գործակցութեան Ընդլայնման Պատրաստակամութիւնը»

Ռուսիան կը վերահաստատէ բոլոր ուղղութիւններով Թուրքիոյ հետ կառուցողական փոխադարձ գործակցութիւնը ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի` Ռուսիոյ խորհրդային դաշնակցային ընկերվարական հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին միջեւ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան մասին պայմանագիրի ստորագրութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Այդ պայմանագիրը հիմնարար փաստաթուղթերէն մէկն է,...

«Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար  Թուրքիայէն Պէտք Է Իսկական Քայլեր Տեսնենք»  Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Թուրքիայէն Պէտք Է Իսկական Քայլեր Տեսնենք» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան Եգիպտոսի սկզբունքներուն եւ նպատակներուն յարմար քայլեր կատարէ: Շուքրի հաւանութիւն տուած է երկար տարիներու լարուած յարաբերութիւններէն ետք Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ կապի հաստատման, սակայն նշած է, որ երկխօսութիւնը տակաւին սահմանափակ է: Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները սրած էին 2013-ին Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ...

Եւրոպական Խորհրդարանը Հաստատած  Եւ Դատապարտած Է Արցախեան Պատերազմին Ընթացքին  Թուրքիոյ Կողմէ Սուրիացի  Վարձկաններու Օգտագործումը

Եւրոպական Խորհրդարանը Հաստատած Եւ Դատապարտած Է Արցախեան Պատերազմին Ընթացքին Թուրքիոյ Կողմէ Սուրիացի Վարձկաններու Օգտագործումը

Եւրոպական խորհրդարանի` սուրիական տագնապին վերաբերեալ 11 մարտի բանաձեւը յստակօրէն կը հաստատէ այն փաստը, որ Թուրքիան Սուրիայէն վարձկաններ փոխադրած է Արցախ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը: Բանաձեւի բնագիրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Ըստ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու` Թուրքիան սուրիացի վարձկանները տեղափոխած է Լեռնային Ղարաբաղ: «Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` դուրս բերելու զօրքերը հիւսիսային Սուրիայէն, որ ան ապօրինաբար բռնագրաւած է... կը դատապարտենք Թուրքիոյ...

«Թուրքիոյ Գործողութիւններուն  Վերաբերեալ Լուրջ Մտահոգութիւններ Կան»  Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

«Թուրքիոյ Գործողութիւններուն Վերաբերեալ Լուրջ Մտահոգութիւններ Կան» Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ըսած է, որ «լուրջ մտահոգութիւններ» ունի դաշինքի անդամ Թուրքիոյ գործողութիւններուն վերաբերեալ, սակայն աւելցուցած է, որ դաշինքը Անգարայի առնչուած վէճերը լուծելու համար կարեւոր հարթակ է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը: «Ես արտայայտած եմ իմ լուրջ մտահոգութիւններս, եւ մենք բոլորս գիտենք, որ կան լուրջ տարակարծութիւններ` սկսած Միջերկրական ծովու արեւելեան շրջաններէն, Ռուսիայէն հակաօդային պաշտպանութեան «Էս-400» համակարգեր գնելու...

Ռուսիան Իր Մտահոգութիւնը Յայտնած Է  Սուրիոյ Մէջ Թրքական Ուժերու  Կուտակման Վերաբերեալ

Ռուսիան Իր Մտահոգութիւնը Յայտնած Է Սուրիոյ Մէջ Թրքական Ուժերու Կուտակման Վերաբերեալ

Ռուսիան մտահոգուած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սարքաւորումներու տեղափոխումով եւ սուրիական Ռաքքա նահանգին մէջ ամրացման աշխատանքներու կատարումով: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի պետ փոխծովակալ Ալեքսանտր Քարփով: «Ռուսական կողմը ծայր աստիճան մտահոգ է Ռաքքա նահանգի Այն Իսա գիւղի տարածքին մէջ գտնուող յենակէտերուն մէջ թրքական զինեալ ուժերու սպառազինութեան տեղափոխման եւ...

Քիեւի Մէջ Էջք Կատարած Են Թուրքիոյ Դաշնակից  Քաթարի Զինուորական 5 Բեռնատար Օդանաւեր

Քիեւի Մէջ Էջք Կատարած Են Թուրքիոյ Դաշնակից Քաթարի Զինուորական 5 Բեռնատար Օդանաւեր

Թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ էջք կատարած են Քաթարի օդուժին պատկանող 5 բեռնատար օդանաւեր: Այս մասին կը հաղորդէ ռուս զինուորական լրագրող Եուրի Քոթենոք: «Քաթարը «էրտողանական» Թուրքիոյ դաշնակիցն ու «քսակն» է: Կարծէք, անոնք լուրջ բան մը կը տեղափոխեն եւ կարելի եղածին չափ արագ ձեւով», նշած է Քոթենոք: Յիշեցնենք, որ Թուրքիան Քաթարի մէջ ռազմակայան...

Page 367 of 883 1 … 366 367 368 … 883

Արխիւներ