Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Պայտըն Չ՛ուզեր Մոսկուայի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորել. Ռուսիան Ատկէ Պիտի Մեկնի»

Մարտ 19, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան պիտի մեկնի անկէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «բացարձակապէս չ՛ուզեր կարգաւորել Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները»: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

Քրեմլինի ներկայացուցիչը Պայտընի` Փութինի հասցէին ուղղած խօսքերը «շատ վատ արտայայտութիւններ» կոչած է:

Պայտըն նախապէս պատասխանելով լրատուամիջոցներու այն հարցումին, թէ արդեօք ան իր ռուս պաշտօնակիցը «մարդասպան» կը նկատէ՞, ըսած է, որ այդպէս կը կարծէ: Ան նաեւ նշած է, որ Փութին «պատասխան պիտի տայ» ամերիկեան ընտրութիւններուն միջամտելուն համար:

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Ճեն Փսաքի հրաժարած էր պարզաբանել, թէ Փութինի մասին Պայտընի խօսքերը արդեօք փոխաբերական իմաստո՞վ ըսուած են: Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ ո՛չ ռուսական ղեկավարութեան հետ ուղիղ հաղորդակցութիւններու ընթացքին իր դիրքորոշումը արտայայտելու հարցին մէջ, ո՛չ ալ հրապարակային գնահատականներու պարագային ինքզինք «պիտի զսպէ»:

«Ես բառեր պիտի չշռայլեմ` արձագանգելով ատոր: Միայն ըսեմ, որ ատոնք Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ շատ վատ արտայայտութիւններ են: Ան բացարձակապէս չ՛ուզեր կարգաւորել մեր երկրին հետ յարաբերութիւնները, եւ մենք հետագային ճիշդ ատկէ պիտի մեկնինք», յայտարարած է Փեսքով:

Ան դժուարացած է ըսել` արդեօք Փութինը մտադի՞ր է արձագանգել Պայտընի խօսքերուն: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով կանչուած է Մոսկուա` Ուաշինկթընի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերատեսութեան եւ խորհրդակցութիւններու համար:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մեկնաբանելով Պայտընի` զինք «մարդասպան» կոչելը, յայտնեց. «Մարդիկ ուրիշները կը դատեն մեկնելով իրենց անձէն: Անոր առողջութիւն կը մաղթեն»:

«Պիտի շարունակենք Միացեալ Նահանգներու հետ աշխատիլ, սակայն մեզի նպաստաւոր պայմաններու հիմամբ», շեշտեց Փութին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ Պայտընի հարցազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ մասին հնչած յայտարարութիւնները մեկնաբանելով ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն ինք պէտք է բացատրէ «ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները»:

«Մենք գիտենք, որ մեր ամերիկացի գործընկերները հրաժարած են պատասխանելէ, թէ իրականութեան մէջ այնտեղ ի՛նչ տեղի ունեցած է: Անոնք պարզապէս պատասխաններ չունին: Պէտք է անոնց հարցնել, թէ իրենց մօտ ի՛նչ կը կատարուի», «Վեսթի Էֆ.Էմ.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնովը կանչած են Մոսկուա` Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու ներկայ կացութիւնը գնահատելու համար: Նախարարութենէն ընդգծած են, որ կ՛ուզեն խուսափիլ «Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու անշրջելի վատթարացումէն»:

Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով շաբաթ օր պիտի ուղղուի Մոսկուա` «քննարկելու համար ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու ապագան»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի «Թելեկրամ»¬ի վրայ գրած է. «Պայտընի մեղադրանքները անհեթեթութիւն են: Չէ՞ որ Միացեալ Նահանգները մոլորակի կէսին մէջ արիւն թափած են: Մինչեւ հիմա Սուրիան, Աֆղանիստանը, Լիպիան, Հիւսիսային Քորէան, Քուպան եւ Վենեզուելան կը ծխան: Իսկ Եւրոպան կը հասկնայ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան պատերազմներու հետեւանքները` ամէն տարի ընդունելով հարիւր հազարաւոր անօթի ներգաղթեալներ, որոնք ետքը իրենց ճակատագիրին համար վրէժ կը լուծեն եւրոպացիներէն` իրենց քաղաքներուն մութ փողոցներուն մէջ»:

Ժիրինովսքի նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէն տարի տասնեակներով մարդիկ մահապատիժի կ՛ենթարկուին, եւս հազարաւորներ փողոցներուն մէջ կը սպաննուին ոստիկաններու կողմէ, որոնք առաջին կարելիութեան պարագային կրակ կը բանան:

«Վերջին հաշուով, Միացեալ Նահանգներու նախագահի (որ հաւանաբար արդէն հաշիւ չի տար իր գործողութիւններուն) խօսքերը անվտանգութեան մասին միջազգային պայմանագիրներու շուրջ հերթական բանակցութիւններու ժամանակ կրնան սուղ արժել Միացեալ Նահանգներուն: Այնպէս որ, ժամանակն է իրերը կոչելու իրենց անուններով: Միացեալ Նահանգները մեր թշնամին են, այդ երկիրը կը ղեկավարէ մարդ մը, որ կը տառապի Փարքինսընի հիւանդութեամբ եւ նոյնիսկ չի վերահսկեր իր լեզուն: Թերեւս ան կ՛ուզէ դողացող ձեռքերով սեղմե՞լ կոճակը (հիւլէական հրթիռներու արձակման, «Ա.»): Մենք ատիկա չենք կրնար արտօնել», աւելցուցած է Ժիրինովսքի:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 20 Յունիսին

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Քրիստոնէական Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը Ամերիկեան Իշխանութիւններուն Կոչ Ուղղած Է` Զբաղելու Հայ Գերիներու Ազատման Հարցով

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?