Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր մօտ կանչած է Մոսկուայի մէջ Ուքրանիոյ ժամանակաւոր գործավարը` բողոքելով Քիեւի մէջ ռուս դիւանագէտներու նկատմամբ սադրիչ արարքի մը դէմ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ռուսական կողմը բուռն կերպով բողոքած է 16 մարտին Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան դիւանագէտներուն նկատմամբ կատարուած սադրիչ արարքին դէմ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ ռուս դիւանագէտներուն լուսանկարները կրող եւ անոնց հասցէին վարկաբեկիչ խօսքերով պաստառներ փակցուած են դեսպանատան եւ Քիեւի մէջ անոնց բնակարաններուն մօտ, ինչպէս նաեւ ռուսական դեսպանատան` քաղաքին մէջ կանգ առած չորս ինքնաշարժներու վնասներ պատճառուած են:



