Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Երկու Ժամնոց Խորհրդակցութենէն Ետք Չէ Ուզած Լրագրողներու Հետ Խօսիլ
Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով երէկ խորհրդակցութիւններ կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: «Ռոսիյսքայա կազեթա» կը հաղորդէ, որ խորհրդակցութիւնները տեւած են աւելի քան երկու ժամ, եւ անոնց աւարտին դեսպանը չէ ուզած լրագրողներու հետ խօսիլ: Անթոնով Մոսկուա հասած է կիրակի օր: Զայն Մոսկուա կանչելու մասին հաղորդուած էր 17 մարտին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մեղադրական յայտարարութիւններ կատարած...




















