Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շոյկու Անդրադարձած Է «Թուրանի Բանակ»-ի Ստեղծման Մասին Խօսակցութիւններուն

March 18, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու մեկնաբանած է Թուրքիոյ եւ յետխորհրդային որոշ պետութիւններու մէջ, մասնաւորաբար` Ղազախստանի մէջ, առանձին քաղաքական գործիչներու «Մեծ Թուրան» եւ «Թուրանի բանակ» ստեղծելու մասին յայտարարութիւնները: Ռուս նախարարը ղազախական «Թենկրինիուզ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յիշեցուցած է, որ թրքալեզու ժողովուրդներ կը բնակին նաեւ Ռուսիոյ տարածքին մէջ: Ուստի անհասկնալի է, թէ որո՛ւն դէմ ուղղուած են այդպիսի խօսակցութիւնները:

«Առաջին բանը, որ կ՛ուզեմ ըսել այդ մարդոց, չեմ գիտեր ալ, քաղաքական գործիչնե՞ր կոչել զիրենք, թէ՞ ինչ: Լաւ, ըսենք` դուք կ՛երազէք ատոր մասին, դուք ատոր ուղղուած որոշ քայլեր կը փորձէք ընել: Ինչի՞ համար եւ որո՞ւ դէմ: Նոյն թրքալեզու ժողովուրդները կը բնակին Ռուսիոյ տարածքին մէջ, անոնք բաւական շատ են: Մեր երկիրը բազմակրօն է եւ բազմազգ: Եւ մենք դարերով միասին կ՛ապրինք», ըսած է Շոյկու:

Խօսելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մասին` նախարարը յիշեցուցած է, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ «շատ բարդ, շատ դժուար, սակայն շատ արդիւնաւէտ աշխատանք կ՛ընթանայ»: Անոր համաձայն, աշխատանքը բարդ է, որովհետեւ կը խանգարեն, կը խանգարէ նաեւ այն հանգամանքը, որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է:

«Ի հարկէ, ատիկա կը խանգարէ, սակայն ատիկա ինքնին, ես պիտի ըսէի` նոյնիսկ եզակի փորձ է, երբ երկիր մը ՕԹԱՆ-ի մէջ է, միւսը` ոչ: Երկու երկիրները լեզու կը գտնեն, կ՛իրականացնեն միացեալ աշխատանք եւ միացեալ գործողութիւններ, կը գտնեն փոխադարձ զիջումներ այնտեղ, ուր երբեմն կը թուի, թէ անկարելի է ատիկա ընել: Սակայն մենք լուծման տարբերակներ կը գտնենք», աւելցուցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Իբրեւ օրինակ` ան նշած է Սուրիոյ մէջ Իտլիպի  լարուածութեան մեղմացման գօտին: Շոյկու ըսած է, որ ընդհանուր առմամբ, ժամանակին Սուրիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծումը դարձած է նման տագնապներու լուծման նոր էջ եւ մեքանիզմ:

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Մօտ Կանչեց Ուքրանիոյ Ժամանակաւոր Գործավարը` Բողոքելու Համար Քիեւի Մէջ Սադրիչ Արարքի Մը Դէմ

Յաջորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Անյապաղ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.