Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահներ Էտըմ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ֆրանք Փալոնը, Տէյվիտ Վալատոն եւ Ճեքի Սփիրը 16 մարտին ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին գերեվարուած բոլոր պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները: Բանաձեւին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ներկայացուցիչներու տան 31 անդամներ:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ստորագրած եռակողմ յայտարարութեամբ կողմերը կը պարտաւորուէին ազատ արձակել բոլոր գերիները, եւ թէեւ Հայաստանը ամբողջութեամբ կատարած է իր պարտականութիւնը, Ազրպէյճանը կը կեղծէ պատերազմական գերիներու կարգավիճակը` փորձելով արդարացնել զանոնք գերի պահելու իր ցանկութիւնը:
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց «Ազրպէյճանի յարձակումին դէմ ամերիկեան ուժեղ, հաստատ ղեկավարութեան քոնկրեսական կոչերը, եւ գոհ ենք կոչերէն ուղղուած Պաքուին` անմիջապէս եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակելու աւելի քան 200 հայ պատանդները, զորս կը շարունակէ ապօրինաբար իր մօտ պահել եւ բացայայտօրէն վատ վերաբերմունքի արժանացնել»:



